Վէնսէնի անտառը Ա.
Վէնսէնի անտառը կը տարածուի Մառնէն Տօն ու աւելի վար՝ իր մէջ առնելով մեծ մասը Սեւ Ծովին: Ան կը հասնի երբեմն մինչեւ երկինք: Կ'անցնի կարօտներէն ու յուշերէս անդին: Կը սահի անծանօթ ու երազային հայրենիքէ մը վեր:

Անտառին մէջ կան շատ մը ուրիշ աւելի մեծ լիճեր: Անոնցմէ մէկուն եւ մերթ միւսին կ'երթամ երբեմն: Մէկուն մէջ սիրահարներ կը թիավարեն: Միւսին շուրջ կերտեցին միջազգային քաղաք մը, որ փայլելէ յետոյ մարդոց բոլոր ճարտարութիւններով, անհետացաւ ի սպառ: Կը մնան թանգարան մը եւ կենդանաբանական պարտէզ մը միայն: