Թիւ 9 · 2021

Թատերախաղերու վերագնահատումը

Ժիրայր Չոլաքեան

Թատրոնը, գրականութիւնը, արուեստը, մշակութային կեանքը, ոգե­ղէն աշխարհը, բնական պահանջներն են ու արտադրանքներն են մարդ­կային հաւաքականութեան։ Օդի ու ջուրի նման անհրաժեշտ են մարդոց։ Հայաստանի անկախացումով Սփիւռքը իր հոգեւոր, մտա­ւոր, մշակութային կարիքները հոգալու դժուարութեան առջեւ կանգ­նեցաւ։ Մտահոգիչ երեւոյթ է մշակութային տարրին տարուէ տարի նուազու­մը համայնքային կեանքէն ներս։ Հանրային հար­թակէն, բե­մերէն, հա­յերէնի գործածութեան առիթները նուա­զած են։ Թատե­րա­կանը գրե­­թէ վերացած է։ Մշակութային տուները կը բա­ւա­րարուին նուազա­գոյ­նով, հայերէնի լեզուի, երգուպարի դասըն­թացք­ներ կազ­մակեր­պելով։ Քա­ղաքական ճառաբանութիւնը կը տի­րա­պետէ։ Եր­բեմն, պա­տա­հա­կան համերգ մը, դասախօ­սու­թիւն մը վիճակը չեն փրկեր։ Մշա­կու­թային քաղաքականութեան բացա­կա­յութիւնը զգալի է։ Հա­յաս­տա­նա­կեդրոն «Դէպի երկիր» քաղաքա­կանութիւնը Սփիւռ­քէն խլեց տեղա­կան մշա­կոյթի զարգացման ու­ժա­կանութիւնը։ Հա­յաս­­տա­նի զարգա­ցումը, Հա­յաստանի օգնու­թիւնը հանրային քննար­կում­ներու կեդրո­նական հար­ցերը դար­ձան։ Իսկ 44-օրեայ պատե­րազ­մը, պարտութիւնը, մարդ­կա­յին ու հողային  կորուստները երկ­րա­շարժի ազ­դե­ցութիւն ու­նե­ցան։ Քաղաքական մօտեցումին սնանկութիւնը երեւան բերին։ Ինչ­պէ՞ս վերա­հաս­տատել հաւասարա­կշ­ռու­թիւնը։ Զարկ տալով մշա­կու­­­թային կեան­քին, գործի լծելով ստեղ­ծագործ ուժերը։ Հանրային քննար­­­կու­մի ենթարկելով մշակութային կեանքը։

Անցեալէն հասած մշակութային, գեղարուեստական ու գրական հսկա­յական ժառանգութիւն կայ, որ վերարժեւորումի կարիքն ունի։ Վերա­գնահատումի արժանի է թատերական կալուածը որ հաւա­քա­կան դի­տու­մի, հաւաքական ապրումի բացառիկ առիթներ կ՚ընծայէ, որոնք ներ­կայ պայմաններուն մէջ անգնահատելի ծառայութիւն կրնան մա­տուցել, նկատի առնելով թատրոնի անհատական ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ու հաւաքական ստեղծագործութեան առնչու­թիւն­նե­րը, նկա­տի առնե­լով անոր մարդկային շփումի հասարակական հնչե­ղու­թիւնը։ Հայ­կա­կան թատերագրութեան մէջ կան բացառիկ թաք­նուած գանձեր, որոնք բացայայտման կարիք ունին։ Յայտնի գրող­ներ թա­տերական կա­րեւոր գործեր գրած են որոնք մնացած են մու­թին մէջ։ Կան նաեւ բացառիկ գործեր անծանօթ մնացած հեղի­նակ­ներու կող­մէ։ Ներ­կայիս այս ժառանգութիւնը անուշա­դրու­թեան, մոռա­ցու­­թեան մատ­նուած է։

* * *

Ընդունուած է որ թատրոնը ընկերային ու գեղարուեստական բարդ երեւոյթ է, որ միայն գրական ու գեղարուեստական նկատառում­նե­րով չի սահմանափակուիր. ան կը պարունակէ կարեւոր հասարա­կա­կան բաղադրիչ մը՝ հանդիսատեսը, կը պահանջէ նաեւ կազ­մա­կերպիչ կա­ռոյց։ Լեւոն Շանթ թատերական ներկայացման համար երեք բա­ղա­դրիչ­ներու կ՚ակնարկէ. թատերագիր-թատերա­խաղ, թա­տերա­խումբ, բե­­մա­վարութիւն։ Այս եռեակին վրայ մշակու­թային ներկայ տագ­նա­պալի պայմաններու մէջ եւ Սփիւռքի գոյա­վիճակը նկատի առնելով, պէտք է աւելցնել նաեւ երեք այլ օղակներ, հե­տա­զօտող-թատերական արժէք յայտնաբերողը, բեմադրութեան նիւ­թա­կան բա­ժինը հոգացողը եւ հանդիսատեսը։

Առաջինը՝ թատերական արժէքաւոր գործեր յայտնաբերողն է, ինչ որ հետազօտական հսկայական աշխատանք կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ թատերական փորձ ու գիտութիւն։ Նախքան բեմադրուիլը՝ ար­դէն թա­տերական գործի կարողականութիւնը, այժմէականութիւնը գնա­հա­տողն է։

Երկրորդը՝ նիւթական կարիքները հոգացող մարմինն է, ներկա­յաց­ման սրահի ծախսերը ապահովող, տոմս վաճառող կառոյցը։ Մշա­կութային ծրա­գիր­նե­րը գանձատրման կարիք ունին։ Թատրոնը՝ նոյն­պէս։ Ընդ­­հան­­րապէս, մշակութային կալուածը միշտ դրա­մա­կան յատ­կա­ցումներու պակասէն կը տառապի։ Որքա՛ն գեղար­ուես­տական գոր­ծեր կան որոնք նիւթական պակասի պատճառով լոյս չեն տեսներ։ Իսկ երբ հարցը կու գայ հաւաքական գեղար­ուես­տա­կան արտա­դրու­թիւն­ներու, խնդիրը աւելի մեծ կարեւորութիւն ու ծաւալ կը ստանայ, որով­հետեւ թատրոնը խմբային ծրա­գիր է, եր­կարաժամկէտ աշխատանք է, ու յաճախ թատերախումբեր տարի մը կ՚աշխատին ներկայացում մը պատրաստելու համար։

Երրորդ օղակը հասարակութիւնն է։ Առանց հանդիսատեսի չկայ թա­տրոն։ Հանդիսատեսի գոյութիւնը կը պայմանաւորուի բազ­մա­թիւ չափ­որո­շիչներով, սկսեալ նիւթի ընտրութենէն, գեղար­ուես­տա­կան կատարումի եւ կազմակերպչական հարցերէն, մինչեւ որ դառ­նայ հա­ւաքականութեան մը հայելին, շահի գոյատեւելու, բեմա­դրուելու, ներ­կայացուելու իրաւունքը։

Այս առնչութեամբ հետաքրքրական է Յ. Օշականի խօսքը թատե­րա­կան գրականութեան եւ հասարակական, արտա-գրական պարա­գաներու մի­ջամտութեան, յարաբերակցութեան մասին. «Հասա­րակ տեղիք է խօ­սիլ թատերական գրականութեան մը աննահանջ պայ­մա­նէն, որ միջա­մտութիւնն է հասարակութեան։ Խաղ մը հասա­րա­կու­թեամբ միայն կ՚ապ­րի։ Չեմ կրկներ ինչ որ ըսեր եմ առաջները։ Օշա­կան, իր վէպին ու քննադատական գործին համար ինքնիրեն կրնար արտօնել օրէնք­նե­րը, իր զարտուղի ախորժակները։ Բայց բեմին առ­ջեւ կը մնայ զինա­թափ։ Ուրե՞մն։ Այսինքն՝ ո՞ւր գտնել հաշտութեան եզրը տաղանդին ու արտատաղանդ ստիպողու­թիւն­նե­րուն, բեմ, հա­սա­րակութիւն, խաղար­կու­թիւն, նիւթ, լեզու»1։

Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել ժամանակի ընթացքին մշա­կու­թային քաղաքականութեան մը ձեւաւորումը։ Յարատեւու­թեամբ, տա­րի­ներու երկայնքին բոլոր բեմադրուած խաղերէն խա­ղացանկ մը կը սկսի կազմաւորուիլ, մինչեւ որ ամբողջական իմաս­տով թատրոն դառ­նայ։

Ամփոփելով վերոնշեալ կէտերը, ներկայ տագնապալի շրջանին, ինք­նատիպ թատերական մշակոյթի բացակայութեան պայմաններու մէջ կարեւոր է թատերագիրը, առանց որու անհատական աշխա­տան­քին ոչինչ կը սկսի, բայց նոյնքան կարեւոր է թատերախաղին ար­ժէքը հե­տազօտող-գնահատողի ներկայութիւնը։ Ի՛նքն է, որ կը յայտ­­նա­բերէ ար­ժէքները ու առիթը կը ստեղծէ որ ուրիշներ ան­դրա­դառնան, գնա­հատեն, ընդունին եւ աշխատին հանրութեան ներ­կայացման համար։

***

Ընդհանրապէս՝ տնտեսապէս հարուստ, զարգացած եւ մշակու­թա­սէր հասարակութիւն ունեցող պետութիւններուն մենաշնորհն է կազ­­մաւո­րեալ թատրոն ունենալը, ազգային նկարագրով խաղա­ցանկ մը ստեղ­ծելու ատակ, նախկինները յաճախակի վերընթեր­ցումի ենթար­կելու կա­րող, այժմէականացնող, եւ նոր ստեղծա­գոր­ծութիւններուն բեմա­դրուե­լու առիթ ընծայող։ ԺԹ. դարու կէ­սե­րէն սկսեալ, հե­ղի­նակային թատրոնը մուտք գործած է հայկա­կան իրականութեան մէջ, մաս­նա­ւո­րապէս Պոլսոյ, Թիֆլիսի մէջ, երբ գրաւոր թատերախաղեր սկսան բե­մադրուիլ։ Աւելի քան մէկ ու կէս դարու թատերական ժա­ռանգութիւն ունենալով, հայութեան առջեւ կը ծառանայ ազգային դիմագիծ ունե­ցող թատերական խա­ղացանկ մը կազմելու խնդիրը։ Միջազգային թատ­րոնի փորձը կը թելադրէ որ հայ թատրոնի գոր­ծիչ­ները եւս, նոր ընկալումով, վերընթերցեն հայ թատերագրական ժա­ռանգութիւնը, կազմելու հա­մար իրական նկա­րագիրով օժտուած եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ու հա­մա­հայկական հար­ցեր արծարծող արդի թա­տրոնը։ Այլապէս ան պի­տի մնայ թերատ, ռու­սականի, եւրոպականի կապկումի մա­կար­դակին։

­Սփիւռքի մէջ քիչեր յանդգնած են հայկական թատերական ժառան­գութիւնը ուսումնասիրել, հետազօտել, թատերագիտութիւնը զար­գա­ցնել, թատերախաղեր հրատարակել, բեմադիրներուն եւ թատե­րական գործիչներուն մոռցուած խաղերը եւ անոնց հետ՝ նոր խա­ղեր տրա­մա­դրելի դարձ­նելու նպատակով։ Թատրոնը մնացած է լքուած ու ան­տեսուած կալ­ուածը գրականագիտութեան եւ գեղար­ուես­տին։ Նոյն­­իսկ Հայաս­տա­նի պետական թատրոնները հայկա­կան թատե­րա­կան խա­ղացանկ մը չեն հաստատած, որուն մէջ ընդ­գրկուած ըլլային հայ հասարակական կեանքը պատկերող, հայ­կա­կան զանազան հա­մայնք­ներու հարցերը, հո­գեբանական իրավի­ճակ­­նե­րը, ապրումները, բար­դոյթ­ները արծար­ծող, ոճային տարբեր ճա­շակ­ներ արտայայտող, հա­յերէն լեզուի երկու ճիւղերն ու բար­բառները ընդունող, տար­­բեր ժա­մա­նա­կա­շրջաններու իւրա­յա­տուկ հարցերը ներկա­յաց­նող։ Նոյնիսկ եթէ թատե­րա­գիր­ները քիչ չեն եղած եւ թատերա­գրա­կան ժա­ռանգու­թիւնը՝ ստուար։ Սակայն թա­տերա­գի­տութիւնը եւ թատրոնը մնացած են անտէր։

Վերոնշեալ հարցադրումները թատրոնի եւ շարժարուեստի բե­մա­դիր Արբի Յովհաննիսեանի տարիներու մտասեւեռման առարկան հան­դիսացած են։ Անոր հետազօտութիւններուն արդիւնքն են հայ թա­տե­րա­գիր­ներուն անտեսուած թատերախաղերը մէկտեղող երկու եռա­հա­տոր շարքերու հրատարակութիւնը։ Առաջին շարքը կը կրէ Մէկ Արար ընդհանուր վերնագիրը2, ու կ՚ընդգրկէ մէկ արարնոց թատե­րա­խա­ղեր, թիւով քա­ռասուն, նախաեղեռնեան, միջպատերազ­մեան շրջան­­ներուն եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք գրուած. անտեսուած, մոռացութեան մատնուած կամ անյայտ թա­տե­րախաղեր, որոնք ունին բեմի վրայ ներկայացուելու բոլոր ար­­ժա­նիքները։ Երկ­րորդ շարքը, Թատերկաշար վերնագիրով3, բազ­մա­րար ծաւալուն խա­ղերու փունջ մը կը ներկայացնէ, ուր ներ­առ­նուած են նորէն բազ­մաթիւ անծանօթ կամ հայ բեմադիրներու ուշա­դրու­թեան չարժա­նա­ցած խա­ղեր, որոնք ունին ընդգծուած թա­տե­րական դիմա­գիծ, ար­ծար­ծած են հայ հասարակութիւնը յուզող հարցեր, տար­բեր ժամա­նակներու եւ վայ­րերու մէջ։ Ներառնուած են առանց լեզուա­կան խտրականութեան, երկճիւղ հայերէնով, յար­գելով հեղի­նակ­ներու լեզուական իւրայատ­կու­թիւնները։ Անոնցմէ իւրա­­քան­չիւրը արժանի է հայ­կա­կան բեմերու վրայ բարձրացուելու, մաս կազմելով հայ­կական խաղացանկի մը։

Կարեւոր է ընդգծել հետեւեալ խնդիրը, որուն յաճախակի անդրա­դար­ձած է Ա. Յովհաննիսեան. աւելի դիւրին է վերստին բեմադրել թատե­րախաղ մը, որ արդէն բեմադրուած է, դիտուած է, հասա­րա­կութեան կողմէ ընդունուած է, քան թէ նոր անյայտ գործ մը բե­մա­դրելու աշ­խա­տանքին լծուիլ, որուն պէտք է նոր մարմին տալ, պատ­կերացնել, մեկնաբանել, որուն համար բեմական լուծումներ պէտք է գտնել հե­ղինակին խօսքը արտայայտելու միտումով, լու­ծումներ որոնք կրնան անյաջող դուրս գալ, հասարակութեան կողմէ չըն­կալ­ուիլ, մեր­ժուիլ։ Նոյնն է պարագան օտար լեզուներով թա­տե­րա­խա­ղերու բեմա­դրու­թեան, երբ հայ բեմադիրները դիտելով զա­նոնք այլ եր­կիրներու մէջ՝ կը դիմեն անոնց վերարտադրութեան հայ­կական բե­մին վրայ։ Այս երե­ւոյթը ինքնին չի քաջալերեր որ հայ թատե­րա­գիր­ներու ստեղ­ծա­գործու­թիւն­նե­րը արժեւորուին, ոչ ալ ինք­նու­րոյն թա­տրոն ստեղծելուն կը նպաստէ։ Այս կապակ­ցութեամբ կ՚արժէ մէջ­բե­րել 1920-ական թուա­­կան­ներուն անկախ Հայաստանի առաջին պե­տա­կան թատրոնի հիմ­նադիրներէն՝ Օվի Սեւումեանի4 խօս­քը թատերական նոր խաղա­ցանկ ստեղծելու ան­հրաժեշտութեան մասին.

Ամէն ջանք ու գործ պէտք է դնել հայ հեղինակները գործի հրա­ւի­րելու հայ խաղացանկ ստեղծելու համար։

Ատոր համար հարկաւոր չէ ի հարկէ, ամէն անփորձ հեղինակի փորձ­նական գործերը բեմ հանել։ Թատրոնը փորձատեղի (լապորա­թուառ) չէ։ Ան չի սիրեր որ իր գլխուն վրայ փորձեր կատարեն։ Ան կը պահանջէ աւարտած և գեղարուեստօրէն վերարտադրելու ըն­դունակ մշակուած դերասաններ։

Ի՞նչ ընենք, ի՞նչպէս ընենք որ հայ հեղինակը, կամ աւելի ճիշտ է ըսել, սկսնակ հայ թատերագիրը անտուն, անօճախ չմնայ, որ ան ալ արտայա՛յտուելու և քննադատուելու վայր մը ունենայ, որուն չգո­յութենէն համոզուած եմ, քիչ շնորհալի ընդունակ ուժեր չէ որ են­թակայ են թառամելու՝ տակաւին չծաղկած։

...Ստեղծենք օճախ մը մեր սկսնակ թատերագիրներու և սկսնակ դերասաններուն համար։

Ես կը կարծեմ թէ ամէնէն նպատակայարմար միջոցը այն կ՚ըլլայ, որ հայ թատրոնն ունենայ իր Տրամաթիքական Արուեստանոցը (սթու­տիա)։ Ահա այդ արուեստանոցի մէջ, թէ խմբի սկսնակ դերասանները, թէ աշխատակից անդամները և զիրենք բեմին նուիրել ցանկացողները բեմի ուսուցչին՝ սթուտիայի ռէժիսէօրին ղեկավարութեամբ պիտի վարժուին տրամաթիքականբեմական արուեստի մէջ։

Այստեղ պիտի կարդացուին, վերլուծութեան պիտի ենթարկուին և խաղացուին հեղինակներու այն յուսատու պիէսները, զորս մեծ բե­մե­րու վրայ ներկայացնել դեռ վաղաժամ կը համարուի։ 5

Հայ թատերագիրներու գործերուն բեմական կեանքէն զրկուիլը հայ մշակոյթի ողբերգութիւններէն մէկն է։ Աղէտի արդիւնք, որմէ ծնաւ երկփեղկուած հայութիւնը՝ Սովետական Հայաստան – Սփիւռք, որուն նոյն­իսկ վերանկախացած Հայաստանը չկրցաւ վէրքերը բու­ժել։ Քա­ղաքական մտքի անկարողութեան, մտաւորականութեան դասին կող­­մէ հայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ մտածելու ատակ չըլլա­լուն, այլ ախորժակներով տարուելուն պատճառով։ Տեղին է մէջ­բե­րել Կ. Զարեանի խօսքերը Յակոբ Օշականի ուղղուած իր նա­մակին մէջ.

Արդի մտաւորական սերունդի առջև մի սոսկալի խնդիր է դրուած. Կամ ստեղծագործել, ի յայտ բերել ազգային արժէքներով հա­մակ­ուած անհատականութիւն կամ մեռնիլ ազգի ֆիզիքական ոչնչա­ցումին աւելցնելով հոգեկան ոչնչացումը...։ Գաղութային մտայ­նու­թիւնը մեզ համար մա՛հ եղած է որովհետև նա մասնաւորուած է, և մասնաւորի մէջ ամբողջութիւնը չէ տեսած։6

***

Դարասկիզբին, թատերական կեանքը կազմա­կեր­պե­լու Օվի Սեւու­մեանին ծրագիրը եւ ազգային նկարագրով թատրոն ստեղծելու այս առողջ մտայնութիւնը շուտով սակայն այլասերեցան բոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան կաշկանդումներուն պատճառով։ Թէեւ սո­վե­­տական շրջանին ու այդ դպրոցէն ներկայ անկախ Հայաստանի ժա­մա­նակաշրջանը հասած՝ եղած են ու կան անուանի թատե­րա­գէտներ, ակա­դե­միկոսներ, հետազօտողներ, պետական թատրոն­ներ։ Եղած են ան­ուա­նի բեմադիրներ ու դերասաններ, որոնք սնած են 20-րդ դարու սկիզբի ռուսական թատրոնի եւ արուեստի յեղա­փոխական նորու­թիւններէն։ Այդ թատրոնին եւ արուեստին մէջ՝ կա­րեւոր ներ­կա­յու­թիւն ունեցած են նաեւ հայազգի արուեստագէտներ, ինչպէս Տան­չեն­կո, Վախթանկով, Պալիէֆ…, որոնց կարգին նաեւ՝ Սեւումեանի նման գործիչներ. սակայն այդ ծրագիրը չէ իրա­կանացած։

Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին, նոյնիսկ Պոլսէն հայ թա­տրո­նի գոր­ծիչներ հաստատուած են Երեւան ու մասնակցած են ան­կախ Հա­յաստանի պետթատրոնի ստեղծումին, ինչպէս՝ Հրաչեայ Ներսի­սեան, Մկրտիչ Ջանան, Վահրամ Փափազեան…։ Սակայն տա­րիներու ընթաց­քին սովետական դպրոցը, ինքն իր վրայ փակուելով, ստեղծեց սովե­տա­կան իրապաշտութեան դպրոցը ու կտրուեցաւ ազատ ստեղ­ծագոր­ծելու հնարաւորութենէն, ազատ աշխարհի թա­տ­րոն­ներուն հետ շփում­նե­րէն, դադրեցաւ անոնց հետ ներգործութիւն ունե­նալէ։ Սովե­տական Հայաստանն ալ ենթարկուեցաւ նոյն ճա­կա­տագրին, մերժե­լով նախա­սո­վետական օրերու ու Սփիւռքի հա­մայնք­ներու կազ­մա­ւորման շրջա­նի հայ թատերագիրներու ժա­ռան­գու­թիւ­նը, նաեւ հայ թատրոնն ու թատերագիտութիւնը կենդանի պահող հեղի­նակ­ները, ինչպէս՝ Շանթ, Օշական, Թլկա­տինցի…։ Սփիւռքի հան­դէպ համայ­նավար գաղափա­րա­խօ­սական կարծրա­տի­պերով վար­ուե­ցաւ։ Նոյն երե­ւոյթին մաս կը կազմեն հայերէնի ուղ­ղա­գրութեան փո­­փո­խու­թեան փորձանքը եւ արեւ­­մտահայերէնի գոր­ծա­ծութեան դէմ ար­գելք­ները։ Հետեւաբար Սփիւռ­քի թատերա­գի­տական աղբիւրները, մա­նաւանդ ձեռագիր վի­ճա­կով անձ­նական ար­խիւներու կամ զանա­զան հանդէսներու մէջ հրա­տա­րա­կուած խա­ղերը, անհասանելի մնա­ցած կամ անտեսուած են սո­վետական շր­ջա­նի Հայաստանի գիտ­նա­կան­նե­րուն եւ հետա­զօ­տող­նե­րուն կողմէ։ Հայ հեղի­նակ­նե­րու հան­դէպ ան­տարբերութիւնը կամ քա­ղա­քական չա­փանիշներով անոնց ան­տե­սու­մը բացայայտ խտրական քա­ղա­քա­կա­նութեան ար­դիւնք է։ Նոյն­­իսկ Սունդուկեանի ու Պարոնեա­նի պա­րա­գային, վերաբերումը կը մնայ քաղաքական եւ ոչ մշակու­թա­յին. թէեւ անոնք Երեւանի կեդ­րոնը իրենց անունին նուիրուած պե­տա­կան թա­տրոններ ունին, այս­ու­հան­դերձ իրենց անունը կրող թա­տրոն­ներու բե­մերուն վրայ չէ ցու­ցա­դրուած այդ հեղինակներուն թա­տե­րա­կան գոր­ծերու ամ­բող­ջու­թիւ­նը, ո՛չ սովետական շրջանին, ո՛չ ալ ան­կա­խու­թեան օրե­րուն։

Իրապէս հարց է. ինչո՞ւ ազգային մայր թատրոնին տալ «Սուն­դու­կեան» անուանումը։ Ի՞նչ տրամաբանութենէ մեկնած։ Նոյնն է պա­րա­գան «Յակոբ Պարոնեան»ի։ Բազմաթիւ արժանի թատերա­գիր­­ներ կան, որոնց անունը կարելի է դնել թատրոններու ճակա­տին։  Բայց անուն­ներ առանձնացնելով, տիտղոսներ տալով չէ՛ որ թատե­րա­կան կեանքը կը զարգանայ։ Սովետական Հայաստանը գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան նպա­տակներով գրաքննեց հայ թատերագիր­նե­րու գոր­ծերը, իսկ անկախ Հայաստանը՝ շուկայական տրամա­դրու­թենէ մղուած եւ ճա­նա­չողու­թեան բացակայութենէ։ Արդիակա­նու­թեան մա­կերեսային ըն­կալումէ։ Օտար հեղինակներ բեմադրեց արդիական երեւնալու հա­մար, առանց օտարն ու ազգայինը հաւասարակշռուած ձեւով հա­մա­կար­­գելու, հա­մադրելու. օրուան քաղաքական, ընկերային ու մշա­կու­թային պա­հանջ­ները միայն նկատի ունեցաւ, առանց խա­ղա­ցանկ կազ­մելու մտա­դրութեան։

Հայ թատերագիրներու գործե­րուն բեմական փորձառութեսն մեր­ժումը հայկական թատրոնի գործիչներուն կողմէ մշակութային ինք­նա­­ժխտումի երեւոյթ է։ Եւ դժբախտաբար այս է վիճակուածը հայ թա­­տե­րագրութեան, հայկական թատրոնի գործիչներուն իսկ կողմէ։ Բա­ցի մի քանի ճանչցուած թատերագիրներու գործերէն, հայկական բե­մա­կան խաղացանկը աղքատիկ պատկեր մը կը ցուցադրէ եւ դժբախ­­տաբար այս է համոզումը հայ բեմադիրներուն մեծամաս­նութեան։ Եւ այս­պէս է որ բազմաթիւ բեմադիրներ կ՚արդարացնեն օտար հեղի­նակներ բեմադրելու իրենց որոշումը։

Այս առնչութեամբ տեղին է նշել Հայաստանի Մշակոյթի նախա­րարի տեղակալ Անելկա Գրիգորեանի նախաձեռնութիւնը, որ 1996-ին Երե­ւան հրաւիրեց Արբի Յովհաննիսեանը, թատերական խաղա­ցանկի մշակ­­­ման ծրագիր մը ներկայացնելու համար։  Ա. Յովհան­նի­սեան ու­սում­նասիրելով զանազան երկիրներու թատերական խաղացանկ կազմելու միջազգային փորձը, Հայաստանի բեմերուն համար ամ­բողջական ծրա­գիր մը մշակեց, ուր նկատի առնուած էին մէկ կողմէ՝ հայկական դասական խաղացանկի բաժինը, միւս կողմէ՝ միջազ­գա­յին խաղա­ցան­կէն նշանակալի խաղերու բաժինը։ Եւ ասոնց կող­­­քին կար նոր ժա­մանակակից հեղինակներ բեմադրելու համար փոր­ձա­ռական թատրո­նի հիմնադրման անհրաժեշտու­թիւնը։ Երե­քը միաս­նա­բար իբրեւ հայ­կական բեմի զարգացման հնարա­ւորու­թիւն։

Սակայն այս շատ կարեւոր նախաձեռնութիւնն ալ դժբախ­տա­բար ան­հետեւանք մնաց, ինչպէս այս մակարդակի զանազան այլ նա­խա­­ձեռ­նու­թիւններ, որոնց հետապնդումը կը պահանջէ հեռանկար, համո­զում, կամք եւ նիւթական միջոցներ։

* * *

Սփիւռքի թատերագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր հայկական թա­տերագիտական կալուածը պէտք ունի Օվի Սեւումեանի գիտակ­ցութեամբ նոր թատրոն, նոր ժամանակներու յարմար խաղացանկ կազմելու աշխատանքին։ Պէտք ունի նոյն մտահոգութեամբ թատե­րա­խումբ կազմելու, դերասաններ պատրաստելու։

Այս դիտանկիւնէն Արբի Յովհաննիսեանի ներդրումը մեծ է։ Թէ՛ իբրեւ բեմադիր, թէ՛ իբրեւ հետազօտող։ Անոր մասնագիտական հե­տա­քրքրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ տարիներու բեմադիրի ու շար­ժադիրի փորձառութիւնը, հետազօտելու, ուսումնասիրելու անոր ջա­նասիրութիւնը, զինք մղած են նոր խաղեր, անծանօթ խաղեր, թե­րա­գնահատուած խաղեր յայտնաբերելու։ Հայկական թատերագի­տու­թիւնը ճոխացուցած է նաեւ միջազգային թատրոնի փորձով, նո­րարար գործիչներու հետ գործակցութեան փորձով։ Բախտա­ւո­րու­թիւնը ունե­ցած է Ի. դարու երկրորդ կէսի միջազգային թա­տրոնի մե­ծագոյն բեմադիրներու ներկայացումներուն հանդիսա­տես ըլ­լա­լու։ Երկար է շարքը միջազգային թատրոնի նորարար գոր­ծիչ­ներուն, որոնց հետ գործակցած է, ինչպէս՝ Կրոթովսկի, Պրուք, Ուիլսոն…։ Ու­սում­նա­սի­րած է կարեւոր բեմադրութիւններու ազ­դե­ցութիւնն ու հե­տեւանք­ները մշակութային ու ընկերային կեանքին մէջ։ Ինչ որ անոր հե­տա­զօտութիւններուն կու տայ նաեւ կիրա­ռական փորձագէտի մը ըմբռ­նումի առաւելութիւնը, թատե­րա­խաղի բեմադրական արժա­նիք­ները գնահատելու գիտութիւնը։ Այս բոլո­րը անգնահատելի ու ան­հրաժեշտ փորձառութիւն եւ պաշար են, երբ խօսքը հայ թատրոնին համար բո­վանդակալից ու ամբողջական խա­ղացանկ մը կազմելու մասին է։ Այս նպատակով ալ տարած է հսկայական աշխատանք։

1980-էն ի վեր Փարիզ հասատուելով եւ երիտասարդ համա­լսա­րա­նա­կաններու հետ Հայ Թատրոնի ընկերակցութիւնը հիմնելով, Ար­բի Յով­հաննիսեան հետեւողականօրէն հաւաքած եւ ուսում­նա­սիրած է հա­յերէն հազարաւոր թատերախաղեր, որոնցմէ շուրջ 130 հատը թա­տերական ընթերցումներու եղանակով հրամցուած է փա­րի­զա­հայ հա­սարակութեան 1996-էն սկսեալ մինչեւ պսակաձեւ ժահրին յայտ­նուիլը 2020ին։ Այս բացառիկ երեւոյթը տակաւին ըստ արժան­ւոյն չէ գնա­հատուած, մասամբ թերեւս Արբի Յովհան­նիսեանի պա­հանջ­կոտ, բծ­ախնդիր ու խիստ նկարագրին պատ­ճա­ռով, այնպէս որ Սփիւռքի մշա­կութային սիրողական պայման­ներուն մէջ՝ զինք դժուա­րահաճ ու շատ սկզբունքային կը դատեն։

Կ՚արժէ նաեւ նշել որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ Արբի Յով­հան­­նի­սեան կը նկատուի պարսկական արդի թատրոնի ու շար­ժ­արուեստի նորա­րար արուեստագէտներէն մին, որուն գեղար­ուես­տա­կան աշ­խա­տանք­ները դարձած են պարսիկ թատերագէտներու հետազօ­տու­թեան առար­կան7։ Տարիներու երկայնքին թատրոնին եւ շար­ժար­ուեստին նուիրուած անոր ուսումնասիրութիւնները լոյս տե­սած են «Յառաջ,  Միտք եւ Արուեստ»ի մէջ։

* * *

Արդի ժամանակներուն լսատեսողական միջոցները այնքան մեծ տա­րածում գտած ու հանրային դաշտը գրաւած են, որ հարց կը ծագի. արդեօք տեղ մնացա՞ծ է թատրոնին, թատերական կենդանի ներկա­յա­ցումին, ուր դերասաններ բեմ կ՚ելլեն հանդիսատեսին առջեւ եւ թա­տերախաղ մը կը ներկայացնեն։ Պէտք է ըսել որ թերեւս ալ թա­տրոնը կը մնայ այն բացառիկ պատսպարաններէն մէկը, հաւասա­րակշռելու համար ընկերային կեանքին ու յարա­բե­րու­թիւններուն մէջ հետզհետէ անշրջանցելի ներկայութիւն դարձող պաս­տառն ու համացանցը։

Թատրոնին իւրայատկութիւնն է կենդանի խաղարկութիւնը հանդի­սատեսին դիմաց։ Ի. դարուն ի յայտ եկան բազմաթիւ գիւտեր, որոնք ձեւափոխեցին ընկերութեան առօրեային մէջ կարգ մը սովո­րու­թիւն­ները, ինչպէս՝ ձայնասփիւռը, շարժանկարը, համակարգիչը, հե­ռա­խօսը. հիմա կարգը համացանցի գերիշխանութեանն է. սա­կայն այս բո­լոր գիւտերը չկրցան վերացնել մարդկային ան­մի­ջական հաղոր­դակ­ցութեան կարիքը։ Թատրոնը կը մնայ արխայիկ, կը պատկանի տար­րական մարդկային շփումի ոլորտին։ Այս ալ իր կարեւոր յատ­կա­նիշերէն մէկն է։

Թատերական ներկայացումները կարեւոր են ի միջի այլոց՝ բեմէն հա­յերէն լեզուն բեմ հանելու, հանրային հարթակէն հնչեցնելու առու­մով։ Երեւոյթ մը, որ Սփիւռքի մէջ նուազելու վրայ է։ Թա­տրոնը ունի նաեւ բազմաթիւ կրթական արժա­նիքներ։ Անոր կի­րար­կումը դպրոց­նե­րէն ներս օգտակար է. իբր դե­րակատար՝ մանուկը լեզուին մարմին կու տայ, տիպար կը ստեղծէ, տիպարի լեզուով կը հաղոր­դակցի բեմին վրայ, ինչ որ հայերէնի տիրապետումին ու գոր­ծա­ծութեան բացառիկ նոր առիթ­ներ կը ստեղ­ծէ, իսկ իբր ունկնդրող՝ նոր որակի հայերէնի հետ հանդիպումի առիթ կ՚ըն­ծա­յէ։"