Թիւ 3-4 · 1986

Մահէն անդին

Վահէ Օշական

Ֆիլմը հազիւ աւարտած
գիտակցութիւնը չորս պատերէն վար կ'առնեմ
կը լուամ կը չորցնեմ կ'արդուկեմ
մեծ խնամքով կը ծալլեմ
ետ տեղը կը դնեմ.
յետոյ
գրպաններս կը պարպեմ
տանս դուռը կը կղպեմ
ու դուրս կ'ելլեմ արուարձանի փողոցները քալելու
միապաղաղ պիրկ անշղարշ լռութեան մէջ
պատուհաններ կը բացուին, շուար դէմքեր թելով կախուեր կը ճօճուին

📄 կարդալ