թիւ 7 · 2020
Ի՞նչ կարելի է ըսել քննադատութեան մասին
Մորիս Պլանշոյի այս էջերը (ֆրանսերէն՝ «Qu'en est-il de la critique?») երեւցած են որպէս յառաջաբան Lautréamont et Sadeգիրքին մէջ, 1963ի հրատարակութեամբ։ Գիրքը լոյս տեսած էր նախ՝ 1949ին, Minuit հրատարակչատունէն։ Վերստինտպուած է 1963ին, նախ Լոթրէամոնի Les Chants de Maldoror (Մալտորորի երգերը) գործին հետ միասին եւ ներկայ յառաջաբանով (երկուքն ալ չկային 1949ի հրատարակութեան մէջ)։ Յետոյ Լոթրէամոնի գրուածքը մէկ քով դրուած է ու գիրքինմիւս հրատարակութիւնները պահած են միայն Պլանշոյի ուսումնասիրութիւնները եւ յառաջաբանը։ Իսկ Լոթրէամոնվաղամեռիկ բանաստեղծ Isidore Ducasse-ի (1846-1870) գրչանունն է։ Գրչանունը կապուած է միմիայն Մալտորորի երգերըգործին (լոյս տեսած 1869ին իր ամբողջական տարբերակով)։ Գերիրապաշտ դպրոցը, Անտրէ Պրըթոնի գլխաւորութեամբ, երկինք բարձրացուցած էր այս բանաստեղծը եւ իր գործը, այնպէս որ ֆրանսայի մէջ մեծ հռչակ կը վայելէրերեսունական եւ քառասունական թուականներուն։
Մէկ քով պիտի ձգեմ այդ հարցումին կարգ մը իմաստները։ Ատոնցմէ մէկը կը վերաբերի այն իրողութեան՝ որ քննադատութիւնը ի՛ն շատ իմաստ չունի։ Երբ մենք մեզի լրջօրէն հարց կուտանք, թէ ի՛նչ է գրական քննադատութիւնը, այն տպաւորութիւնն ունինք որ մեր հարցադրումին առարկան զուրկ է որեւէ լրջութենէ։