թիւ 7 · 2020
Փոխան յառաջաբանի
Ահաւասիկ ուրեմն ԿԱՄի 7 համարը։ ԿԱՄ, հանդէս վերլուծական անունով պարբերականհրատարակութիւնը ընդամէնը վեց համար ունեցած էր (1980էն մինչեւ 2005, Փարիզ, Պէյրութ, Պոսթըն, ԼոսԱնճելըս)։ Տասնհինգ տարի անցած է վերջին համարի լոյս ընծայուելէն ի վեր։ 2019ին ճամբայ ելանք ուրեմն, Դաւիթ Մոսինեանի գործակցութեամբ, նոր կեանք մը ընծայելու համար ԿԱՄի հին ծրագիրին, բայց այսանգամ՝ ցամաքամաս փոխելով, ու Երեւան փոխադրուելով։ Այս վերակենդանացած ծրագիրը,ցամաքամասի ու արտաքին պայմաններու փոփոխութենէն օգտուելով, նոր ձեւակերպում ստացած էր սակայն մեր մտքին մէջ։ Ահաւասիկ ի՛նչ կը գրէինք քանի մը ամիս առաջ, ԿԱՄի վերակենդանացումը ծանուցողու մեր հին ու նոր բարեկամները աշխատակցութեան հրաւիրող շրջաբերականին մէջ. «Ատենօք՝ սփիւռքեան հողերու վրայ կը դեգերէինք, արեւմտահայերէնի աշխատաւորները կը մէկտեղէինք, թարգմանաբարաշխարհ մը ընկալելու, եւ գաղտնաբար՝ մենք զմեզ վերլուծելու յաւակնութիւնն ունէինք։ Այսօր՝ կը մեկնինքայն հաստատումէն որ Հայաստանի ինչպէս Սփիւռքի տարածքին՝ գիրքերու մասին քննադատաբարխօսելու սովորութիւնը կորսուեր է։ Ո՞ւր կորսուեր է, չենք հասկցած։ Բայց կ՚ուզենք որ նոր ԿԱՄը, որպէս“հանդէս քննադատական”, գիրքերու մասին խօսի։ Ո՛չ թէ կարճառօտ ու հաճոյալից գրախօսականներհրամցնելով, այլ՝ հանդէսի մը վայել վերլուծումներով եւ ուսումնասիրութիւններով»։ Եւ ըստ այնմ՝ որոշածէինք նաեւ ԿԱՄին մակդիրը փոխել ու զայն կոչել այլեւս՝ «Հանդէս վերլուծական եւ քննադատական»։ ԿԱՄըպիտի շարունակէ հետեւաբար իր իսկ ստեղծած աւանդութիւնը, կողք կողքի դնելով ուսումնասիրութիւններեւ թարգմանութիւններ, այս անգամ սակայն մասնաւոր շեշտ մը դնելով լոյս տեսնող գիրքերուն անդրադառնալու անհրաժեշտութեան վրայ, եւ յուսալով որ աւելի բարենպաստ օրեր պիտի բացուին մեր առջին,ընթերցումի հրաւիրող օրեր, առանց նենգամիտ ժահրի եւ առանց համաճարակի։
Ի՞նչ բան փոխուեցաւ, որպէսզի տասնհինգ տարի անկարելի եղողը յանկարծ կարելի դառնայ։ 2002ի շուրջ,երբ Նիւ Եորք էի, Րաֆֆի Աճէմեանին հետ ձեռք ձեռքի տուած, վերջացուցինք Անթուան Պեռմանի L'Épreuve de l'étranger-ին թարգմանութիւնը, հայերէն՝ Օտարութեան փորձընկալումը։ Թարգամանութիւնը լոյս տեսաւ2017ին միայն, ուրեմն նոյնպէս տասնհինգ տարի ուշացումով, ո՛չ թէ ամերիկեան կամ եւրոպական ցամաքամասի վրայ, այլ՝ Երեւան (հրատարակիչ՝ Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆո)։ Ատկէ առաջ կամ ատոր հետզուգահեռ լոյս տեսած էին Պլանշոյէն երկու հատորներ (Վիպումներ եւ Գրականութիւնը եւ մահուան մերիրաւունքը, 2013 եւ 2017), Նիցչէի Թերաքրիստոսը (2017), եւ վերջերս՝ Միշէլ Ֆուքոյի Սեռականութեանպատմութիւնը եւ Ճորճօ Ակամպէնի Homo sacer-ը (բոլորին հրատարակիչը ըլլալով Ինքնագիր գրականակումբը, Վահան Իշխանեանի գլխաւորութեամբ), իսկ ի մօտոյ լոյս պիտի տեսնէ Վալթեր Բենիամինի կարգմը աշխատասիրութիւնները հաւաքող Լուսանկարչութիւն եւ պատմութիւն հատորը (4Պլուս), ասոնք՝թարգմանաբար իմ ձեռքէս ելած, համապատասխան վերջաբաններով օժտուած, եւ բոլորը՝ կրկին Երեւանիմէջ։ Անշուշտ անձնական պարագայ մըն է միայն նկարագրածս։ Բայց ընդհանրացումի արժանի պարագայմըն է։ Այո, ԿԱՄը սկիզբէն ուզած էր ի միջի այլոց՝ թարգմանական տարրալուծարան մը հանդիսանալ եւթարգմանութեան շուրջ մտածողական աշխատանք մը զարգացնել։ Պարագաները ցոյց տուին սակայն որմիեւնոյն ժամանակ՝ որպէս այդ ինքն իր կարելիութեան եւ անկարելիութեան սահմանները կը փորձարկէր։Օտարութեան մէջ թարգմանելու կարելիութեան եւ անկարելիութեան սահմանները։ Չէինք հասկցածանշուշտ այն ատեն որ երբ օտարութեան մէջ «գրեթէ կորսուած» լեզուով կը թարգմանենք, լեզուն կը փորձընկալենք որպէս վերապրող, շատ իւրայատուկ իմաստով մը։ Ու միակ ձեւն է, ի դէպ, զայն որպէս վերապրող փորձընկալելու։ Բայց մանաւանդ ինչ որ չէինք հասկցած այն ատեն, 2005ին, այն էր որ այդ փորձընկալումը չի կրնար արձանագրուիլ եթէ ինքն իր մէջ չկազմակերպէ իր հանդիպումը իր հակերեսին հետ,չկազմակերպէ իր հանդիպումը՝ ինքնիշխան լեզուներուն հետ, կամ ինքն իր հետ որպէս ինքնիշխան (եւուրեմն վերջին հաշուով՝ չանդրադառնայ որ ի՛նքն է հակերեսը, ինքնիշխանութեան հակերեսը)։ Ի վերջոյ՝հոգեվերլուծութեան առաջին օրէնքն է այս մէկը։ Հետեւաբար ինչ որ փոխուած է այսօր, 2005ի բաղդատմամբ, այն է որ վերապրող լեզուն հանդիպեցաւ իր հակերեսին՝ ինքնիշխան լեզուին ու կրցաւ հետեւաբարփորձընկալուիլ (եւ փորձընկալումը արձանագրել) որպէս ի՛նքը անոր հակերեսը։ Ի վերջոյ՝ պատմականդէպք մըն է։
Այդ պատմական դէպքին սպասել պէտք էր, ըստ երեւոյթին, հասկնալու համար թէ ի՛նչ կը կատարուէրԱնթուան Պեռմանի Օտարութեան փորձընկալումը գիրքին մէջ, որ այս ձեւով ու այս առումով՝ երեւան կուգայ որպէս դարուն մեծ, թերեւս մեծագոյն, գիրքերէն մէկը (անշուշտ չնշմարուած մեծութեամբ), եւ որունկեդրոնական նիւթն է ԺԸ. դարու վերջաւորութեան՝ Գերմանիոյ վիպապաշտ շարժումին յատուկ թարգմանութեան տեսաբանութիւնը։ Խնդիրը այն է, բնականաբար, որ Պեռման (ինչպէս իրմէ առաջ՝ ՎալթերՊենիամին) գաղափար չունէր «վերապրող» լեզուին եւ այդ լեզուով թարգմանելու հրամայականին մասին։Այնպէս որ այդ գիրքին վերջին գլուխը (Հէօլտերլինին նուիրուած գլուխը) կը կրկնէ Հայտեկերէն եկած մօտեցումը ու կը ճապաղի ընդհանրութիւններուն մէջ։ Այս մասին՝ ուրիշ առիթով։ Բայց որպէսզի ամբողջովինվերացական չմնայ այս ըսածս, կ՚ուզեմ հոս համառօտակի կրկնել ինչ որ կ՚ըսէի անցեալ տարի ԴաւիթՄոսինեանին հետ խօսակցութեանս ընթացքին (տե՛ս «Ինքնիշխանութեան դահլիճներէն ներս», տե՛սԱկտուալ արվեստ #1(7), 2019)։
ԺԸ. դարու վերջաւորութեան Գերմանիոյ մէջ ամէն ինչ թարգմանելու եւ լեզուներուն միջեւ սահմանները թարգմանութեամբ փորձընկալելու որոշումով, վիպապաշտ դպրոցի մտաւորականները իրենց կամքէն անկախ ստեղծածեն ինքնիշխան լեզուներու յղացքը եւ իրականութիւնը։ Թարգմանելով՝ ստեղծած են ինքնիշխանութիւնը, լեզուներըորպէս ինքնիշխան։ Եւ ուրեմն անխուսափելի էր որ մեզմէ շատ առաջ՝ մէկը կանգնէր հակադիր երեսին վրայ ուստանձնէր լեզուներու ինքնիշխանութեան սկզբունքին կողմէ ըստ էութեան յետամղուած, անգրաւելի ուանբնակելի դիրքը։ “Նշան մըն ենք։ Անվերծան։ / Զուրկ ենք ցաւէ։ Եւ օտարութեան մէջ գրեթէ / կորսնցուցինք լեզուն” («Ein Zeichen sind wir, deutungslos. / Schmerzlos sind wir. Und haben fast / Die Sprache in der Fremde verloren», տե՛ս Friedrich Hölderlin, Werke und Briefe, Insel Verlag, 1969, հատոր 1, էջ 199)։ 1803ին գրուած է։ Հէօլտերլինը սպասած իր լեզուի՝գերմաներէնի “վերացում”ին, այդ տողերը գրելու համար։ Ինքնիշխան դարձած լեզուներու դիրքէն չէր խօսեր այդտեղ։ “Վերապրող” լեզուի դիրքէն կը խօսէր։ Լռելեայն հակադրուելով վիպապաշտներուն։ Եւ անշուշտ “վերապրող”ի գաղափարն ալ առաջին անգամ ըլլալով կ՚արձանագրուէր այդ “գրեթէ”ին մէջ։ Պէտք է հասկնալ ուրեմն թէի՛նչ կը նշանակէր իրեն համար թարգմանել օտարութեան մէջ, թարգմանել օտարութեան մէջ գրեթէ կորսուած լեզուով մը, թարգմանել վերապրող լեզուով։ Եւ թարգմանելով՝ ապրեցնել այդ լեզուն որպէս վերապրող։
* * *
Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ որ ներկայ ԿԱՄին մէջ հրամցուած Գիրգոր Պըլտեանի «Երկրորդ սկիզբ»ը եւ Ժանին Ալթունեանի «Նիկողոս Սարաֆեան։ Անհայրենիք բանաստեղծ»ը, իւրաքանչիւրը իր յատուկեղանակով, կը վերադառնան այս հարցերուն։ Պըլտեանի պարագային՝ դիմելով ԺԹ. դարու Մխիթարեանբանաստեղծներուն եւ մասնաւորաբար՝ Արսէն Բագրատունիի մօտ մեռեալ լեզուով գրականութիւն մշակելու (եւ ուրեմն կորուստը թարգմանելու) յոյժ յատկանշական ծրագիրին։ Իսկ Ժանին Ալթունեանի պարագային՝ Սփիւռքի ամենէն ցցուն բանաստեղծի կերպարին ընդմէջէն նորէն կորուստի թարգմանութեանկերպերը հետապնդելով։ Որովհետեւ անշուշտ՝ կորուստը թարգմանել պէտք է։ Եթէ չթարգմանուի, ինչպէ՞սպիտի արձանագրուի։ Անգամ մը եւս՝ հոգեվերլուծութեան առաջին օրէնքն է։ Ամբողջ հարցը այն ըլլալովսակայն թէ ի՛նչ լեզուով պիտի թարգմանուի ան։ Բայց Ժանին Ալթունեանին աշխատասիրութիւնը կարելի էնաեւ ու պարզապէս կարդալ որպէս քննադատական գրախօսութիւն, Սարաֆեանի կեդրոնականգրուածքներէն մէկուն՝ «Վէնսէնի անտառը» գործին ֆրանսերէն թարգմանութեան առիթով գրուած։ Եւ ես ալհոս առիթէն կ՚օգտուիմ յիշեցնելու համար որ նոյն «Վէնսէնի անտառը» արտատպուեցաւ ատենօք երկումասով ԿԱՄի էջերուն մէջ (թիւ 2 եւ 3-4), գիրքով լոյս տեսնելէ առաջ (մանրամասնութիւնները տրուած ենԺանին Ալթունեանի յօդուածին սկիզբը)։ Քննադատական աշխատասիրութիւններ են նաեւ ԴաւիթՄոսինեանի ընթերցումը, Վարազդատ Տէրոյեանի հատորին նուիրուած (դժբախտաբար միակ հատորը որունինք Տէրոյեանէն, 2010ին լոյս տեսած Քանթի թարգմանութենէն զատ) եւ Կարէն Ճալլաթեանի զեկոյցը նորլոյս տեսած վէպի մը մասին, որ մեզ կը փոխադրէ սովետական շրջանի տխրահռչակ ճամբարներու շրջանը։
Հատորին սկիզբը դրուած է Մորիս Պլանշոյի գրիչէն ելած վիճարկողական կտոր մը, ուշ շրջանի արտադրութիւն (թուականը՝ 1963), ուր Պլանշոյ կ՚անդրադառնայ քննադատական արարքի նշանակութեան եւտարողութեան։ Այդ կտորին կ՚արձագանգէ հոս վերարտադրուած՝ իմ հին դասախօսութիւններէս մէկունգրառումը (ֆրանսական աշխարհէն ներս մինչեւ այսօր հռչակ վայելող Ռոլան Պարթի եւ Ցվեթան Թոտորովիմասին), որ առիթը կ՚ընծայէ նորովի անդրադառնալու քննադատութեան արդի հոսանքներուն ընդհանուրառմամբ եւ անոնց մէջ Մորիս Պլանշոյին գրաւած իւրայատուկ դիրքին մասնաւորաբար։
Եւ անշուշտ կայ (ինչպէս ԿԱՄի նախորդ համարներուն մէջ) «Թարգմանական ուղին» վերնագրով բաժինը, որուն մէջ հրամցուած է նախ Արթիւր Տանթոյի մէկ յօդուածը, անգամ մը եւս՝ «արուեստի վերջաւորութեան» մասին (թարգմանիչ՝ Հրայր Էօլմեսեքեան)։ Պէտք է յիշեցնել ի հարկէ, որ ԿԱՄի 6րդ համարին առաջին բաժինը («Արուեստի վերջաւորութի՞ւն, թէ վերջաւորութեան արուեստ» կոչուած) ամբողջութեամբ այդ նիւթիննուիրուած էր, մասնաւորաբար Րաֆֆի Աճէմեանի «Արթիւր Տանթոյի տեսութիւնը» յօդուածով։ ԱրթիւրՏանթոյ (1924-2013) փիլիսոփայութիւն կը դասաւանդէր Քոլումպիա համալսարանը եւ միեւնոյն ատեն՝ժամանակակից (կամ արդեօք նախընտրելի ըլլար ըսել՝ զուտ նիւ-եորքեան) երեւոյթներուն վրայ սուր աչքմը պտտցնող արուեստի քննադատ էր։ Այսօր ուրեմն իր վերջին կարեւոր ելոյթներէն մէկը կու տանքթարգմանաբար, թարգմանիչին նախաձեռնութեամբ։ Միւս թարգմանութիւնը (ձեռամբ Րաֆֆի Աճէմեանի) Եդուարդ Սայիտի Orientalism գիրքին ներածական գլուխէն առաջին երկու բաժինները կը հրամցնէարեւմտահայերէն։ Այդ գիրքին կարեւորութիւնը կարծեմ՝ պէտք չկայ շեշտելու։ Ի մօտոյ լոյս պիտի տեսնէլման գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Մեր հրամցուցածը այդ նոր լոյս տեսնելիք արեւմտահայերէն թարգմանութենէն վերցուած է։ Նոյն ներածութիւնը, արեւելահայերէն անթերի թարգմանութեամբ, հրապարակուած էր Արտերիա կայքէջին վրայ (2014ին)։ Շուշան Աւագեանի եւ իր աշակերտուհիներունգործն էր։ Վերջաւորութեան ուրեմն, Շուշան Աւագեանի մասնաւոր արտօնութեամբ, արտատպեցինք Արտերիաի մէջ լոյս տեսած այդ արեւելահայերէն թարգմանութեան նոյն բաժինները, ընթերցողը հրաւիրելուհամար երկու թարգմանութիւններուն միջեւ համեմատութեան մը։ Ձեւերէն մէկն է երկու լեզուները՝ինքնիշխանը եւ վերապրողը իրարու հետ երկխօսութեան հրաւիրելու։ Նոյն անգլերէն բնագիրն է, ենթադրաբար նոյն հայերէն լեզուն է, եւ սակայն թարգմանական արդիւնքները, չըսելու համար՝ թարգմանելու արարքին իմաստը, բաւական տարբեր են։
Ընթերցողին ուղղուած այդ հրաւէրը մաս կը կազմէ նաեւ աւելի ընդհանուր հրամայականի մը, որունշրջագիծը փորձած էի յստակացնել մէկ անգամ տարիներ առաջ, նախորդ ԿԱՄի համարին մէջ, ՖուքոյիՀսկել եւ պատժել գիրքին Հայաստան լոյս տեսած թարգմանութիւնը քննարկելու ճամբուս վրայ (տե՛ս ԿԱՄթիւ 6, էջ 368ի շուրջ)։ Խօսքը թարգմանութիւն մը որպէս թարգմանութիւն կարդալու հրամայականին մասին է։Որ կը նշանակէ անշուշտ ընթերցողական հայեացքը ուղղել եւ կիզակէտը տեղաւորել արդէն իսկ կազմուածեւ փոխադրուող իմաստէն մէկ մակարդակ վար, իմաստի կազմաւորման մակարդակին։ Բայց կը նշանակէնաեւ կարդալ տարբերութիւնը։ Տարբերութիւնը իմաստաւորման եղանակներուն միջեւ։ Տարբերութիւնըկազմուածին եւ կազմաւորման միջեւ։ Տարբերութիւնը լեզուներուն միջեւ։ Տարբերութիւնը լեզուին եւ ինքն իրմիջեւ։ Այդպիսի ընթերցողներ եւ ընթերցումներ կ՚ակնկալէր Անթուան Պեռման ատենօք։ Ընթերցողներ, որոնք գիտնային կարդալ թարգմանական աշխատանքը երբ կը կարդան թարգմանութիւն մը։
* * *
Եւ հիմա վերջին խօսք մը կայ ըսելիք, շատ աւելի շօշափելի. խօսք մը մեր երկու լեզուներուն մէջ կիրարկուածտառադարձութեան օրէնքներուն մասին, յատուկ անուններու պարագային։ Մեր երկու լեզուները նոյն հնչիւնային համակարգը չունին։ Այդպէս է, իմ յանցանքս չէ։ Ի վերջոյ՝ տեղ մը պիտի տարբերէին իրարմէ։ Այսմէկը սակայն՝ ճակատագրական տարբերութիւն մըն է։ Լեզուին ուղն ու ծուծն է։ Հազար տարի առաջ՝Կիլիկիոյ մէջ, հնչիւնային գետնի վրայ արդէն իսկ կար այդ հիմնական հեռաւորութիւնը։ Կիլիկիայէն առաջ՝չենք գիտեր, ու ո՛չ մէկ միջոց ունինք գիտնալու։ Ես վերջին տարիներուն Երեւան տպուած գիրքերուս մէջ՝յատուկ անուններու տառադարձութեան համար հետեւեցայ այսօրուան հայաստանեան լեզուի հնչիւնայինհամակարգին եւ տառադարձական սովորութիւններուն (օրինակ՝ Blanchot-ն գրեցի «Բլանշոյ» եւ ոչ թէ «Պլանշոյ», Agamben-ը՝ «Ագամբէն» եւ ոչ թէ «Ակամպէն»)։ Բայց հոս՝ արեւմտահայերէն գրուածքներուն համարորոշեցինք պահել արեւմտահայերէնին յատուկ հնչիւնակարգին հետեւող տառադարձելու ձեւերը, հաւատարիմ մնալով սկիզբէն ի վեր ԿԱՄի էջերուն մէջ երեւցող յատուկ անուններու ուղղագրութեան։ Եւ քանի որսոյն հատորին մէջ կան արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն գրութիւններ, ընթերցողը երբեմն պիտի տեսնէ նոյն անունները տարբեր ձեւով գրուած (Սայիտ եւ Սայիդ)։ Ա՛յդ էր վճարելիք գինը։
Մարկ Նշանեան
Օգոստոս 2020, Լիզպոն