թիւ 7 · 2020

Երկրորդ սկիզբ

Գրիգոր Պըլտեան

Բանախօսութիւնը կը քննէ մխիթարեան աւանդութիւնը ինչ կը վերաբերի լու­սա­ւո­րութեան շրջանին, իբրեւհայ դպրութեան երկ­րորդ սկիզբի մը։ Գրաբար, Հայկեան նախահօր պատկեր-պատումի վերահաստատում, «ազգային վիպասանութեան» ստեղ­ծում ահա պայմաններն ու յայտնարար նշանները այդ երկրորդուողսկիզ­բին։ Հ. Արսէն Բագրատունիհ. Ղ. Ալիշան, ինչպէս Մկրտիչ Խրիմեան ու Վա­րու­ժան կը մատնեն ոչ միայնլեզուի տագնապ մը, արտա­յայ­տու­թեան մակար­դակէն շատ վեր կամ շատ վար, այլեւ կը պարզեն դիւ­ցազ­նական քերթողութեան վերա­դարձի մը խնդիրն ու անհրաժեշ­տու­թիւնը, աւանդական առասպելա­բա­նութեանու նորագոյն պատ­մու­թեան միջեւ։ Աւարտին՝ երկրորդ սկիզբին համար գուցէ անհա­մար­կե­լի՝ եր­կրինոչնչացումը։