թիւ 7 · 2020

Նիկողոս Սարաֆեան

Ժանին Ալթունեան

Ժանին Ալթունեանի ներկայ աշխատասիրութիւնը լուսա­բա­նու­թեան կը կա­րօտի։ Նախ՝ նիւթին մասին, յետոյ՝հեղինակին մա­սին։ Ընթեր­ցողը գիտէ հաւա­նա­բար որ Նիկողոս Սարաֆեանի (1902-1972) բա­նաս­տեղծականգործերը հաւաքուած են հատո­րով՝ Չափածոյ երկեր (Գէ­որգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ, Անթիլիաս, 1982), Յարութիւն Քիւրք­ճեանի խմբա­գրութեամբ, եւ խմբագիրի գրիչէն՝ հանգա­մա­նալից վերջաբանով մը։ Սարա­ֆեանգրած է նա­եւ վէպեր, որոնցմէ իր կեն­դանու­թեանը միայն Իշխանուհին լոյս տեսած է հատո­րով (1934), իսկ միւս­ներըմնացած են պարբերա­թեր­թերու եւ հանդէսներու էջե­րուն մէջ։ Բայց տուած է բանաս­տեղ­ծական արձակի եւ յօ­դուածներու պատ­կառելի ըսուելու չափ կա­նո­նաւոր արտա­դրու­թիւն մը, որ­մէ տրա­մա­դրելի է, եթէ ոչամբողջութիւնը, գոնէ ճաշակ մը, երեք բա­ցառիկ հատորներու մէջ հաւաքուած։ Մէկը Վէն­սէ­նի ան­տառըվերնագիրով լոյս տե­սած է, Գրիգոր Պըլտեանի խմբա­գրութեամբ (Մա­տե­նաշար Արդ թիւ 1, Փա­րիզ, 1988), որ1947ին նոյնանուն գրուածքէն զատ կը պա­րունակէ բազմաթիւ «Ար­ձակ այլ էջեր», առաւել «Մշուշին մէջ» կտորը, որուն վրայ Սարա­ֆեան կ՚աշխատէր կեան­քին վերջին տարիներուն, ամբող­ջացնելու համար «Վէնսէնի անտառը»ով սկսած ինքնակեն­սա­գրական ձեռնարկը, ձե­ւով մըն ալ՝ իր կտակը յանձնելու հա­մար ապա­գային։ Երկրորդը՝Տեսա­րան­ներ, մարդիկ եւ ես լոյս տեսած է Երեւան, 1994ին (մատենաշար Երկ)։ Իսկ երրորդը կը կոչուի Լոյսի ցաւեր(Մաշթոց մատե­նաշար, Անթիլիաս, 2000), ու նոյն­պէս բանաստեղ­ծա­կան արձակի նմոյշներ կը պարու­նա­կէ, յիսունական թուա­կան­նե­րուն գրուած։

Հատորի մէջ մտնելէ առաջ, «Վէնսէնի անտա­ռը» լոյս տեսած էր Ան­դրանիկ Ծա­ռուկեան Նայիրի գրականամսաթերթին մէջ (Հալէպ, 1947, թիւ 9-12, եւ 1948, թիւ 1)։ ԿԱՄի մէջ ամբող­ջու­թեամբ վերատպուեցաւ թիւ 2 եւ 3-4 համարնե­րուն մէջ (1984 եւ 1986)։ Ֆրան­սերէն թարգ­մա­նութիւնը (որ մեկնակէտը կը հան­դիսանայ Ժանին Ալթու­նեա­նի աշխա­տան­քին) լոյս տեսաւ 1993ին, Nicolas Sarafian, Le Bois de Vincennes, édi­tions Paren­thèses, 1993։ Թարգմանիչնէր՝ Անահիտ Տրէզեան։ Սկիզ­բը դրուած էր ներածական գրուածք մը («Սա­րա­ֆեան, տարա­գրու­թեան գրաւումը») Մարկ Նշա­նեանի գրիչէն։ Կայ նաեւ ան­գլե­րէն թարգ­մա­նութիւն մը (Wayne State Univ. Press, 2011), Քրիս­տոֆըրԱթամեանի ձեռքով կա­տար­ուած։ Իսկ Նիկողոս Սարաֆեանի մասին Ալթունեանի աշ­խա­տանքին մէկ տար­բե­րակը լոյս տե­սած էր ասկէ առաջ, հետեւեալ հատո­րին մէջ. Janine Altounian, La Survivance. Tra­duire le trauma col­lectif(Վերապրումը։ Հաւաքական հոգեխոցը թարգմանել), Du­nod, 2000, երկու ծանօթ վեր­լու­ծաբաններու կողմէ գրուածյառաջաբանով եւ վեր­ջա­բանով։ Հոս ներ­կայա­ցուածը վերաշ­խա­տուած ու ամբող­ջա­ցուած տարբերակ մըն է, հիմ­նուած 1988ի հայերէն եւ կրկին 1993ի ֆրան­սերէն հրատարա­կու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Ժանին Ալթունեանի առաջին գիրքը, Ouvrez-moi seulement les chemins d'Ar­ménie, Un génocide aux déserts de l'inconscient (Belles-Lettres, Paris, 1990) տրա­մա­դրելի է հայերէն թարգմա­նու­թեամբ, Բա՛ց միայն իմ դիմաց ճամբաներն Արմենիոյ։Ցեղաս­պանութիւն մը անգիտակիցի անա­պատներուն մէջ վեր­նա­գրով, թարգմ.՝ Կա­րին Զոհրաբեան եւ Գրի­գորՇա­հինեան, Անթիլիաս, 2001։ Վերջաւորութեան հրամ­ցուած է ֆրանսերէն-հայերէն բա­ռա­­րան մը, գործածուածհոգեբանական կամ հոգե­վերլուծական բառապաշարը ամփոփ ձեւով հա­ւա­քելու նպա­տա­կով։  Դժբախ­տա­բար՝հատորը ո՛չ մէկ ար­ձա­գանգ ունեցաւ այն ատեն հայա­լեզու մամուլին մէջ։ Պար­զա­պէս չկայի՛ն հա­մա­գրային պայ­ման­ները, որպէսզի այդպիսի գիրք մը գրա­խօ­սուէր, կարդացուէր ու իմաս­տա­ւորուէր։ Ֆրան­սե­րէն լեզուով ԺանինԱլթու­նեանի միւս փոր­ձա­գրա­կան հա­տորներն են նախ վե­րը յիշուած La survivance-ը, յե­տոյ՝ L'in­­tra­duisible. Deuil, mé­moire, transmission (Անթարգ­մանելին։ Սուգ, յիշո­ղու­թիւն, փո­խան­ցում), Dunod, 2005, De la cure à l'écriture. L'éla­bo­ration d'un héritage trau­ma­tique (Հոգե­վեր­­լու­ծական դարմանումէն դէ­պի գրառում։ Հոգեխոցական ժա­ռան­գու­թեան մը մշա­կու­մը), PUF, 2012, եւ վերջերս՝ L'Efface­ment des lieux: Au­to­biographie d'une ana­ly­sante, hé­ri­tière de survivants et traductrice de Freud (Վայ­րե­րու ջնջումը։ Վերա­­պրողներու ժառան­գորդ եւ Ֆրէօյտի թարգ­մա­նիչ ­վերլուծ­(ու)ո­ղի մը ինքնա­կեն­­­սա­գրութիւնը), PUF, 2019։ (Պէտք է յիշեցնել միայն որ Ժաք Լաքանի ազդե­ցու­թեամբ՝ այսօր ֆրանսերէն լեզուով սովո­րու­թիւն դարձած է ana­lysant(e) անսովոր բառը գործածել մէկու մը համար որ հո­գեվեր­լուծական «դարմանում»իաշխատանք մը կը կատարէ, ամբողջ հարցը անշուշտ այն ըլլալով որ «դարմանում»ի եւ «բու­­ժում»ի հետ կապ չունիայդ աշխատանքը։ Վերլուծուողը կը դառնայ ինքն իր վեր­լու­ծողը։) Այս վերջին գիրքին համար պա­տ­րաս­տուածկայ­քէջին վրայ կը կար­դանք հետեւեալը, մեր կողմէ հայերէնի թարգմա­ն­ուած.

Դիմելով ինքնակենսագրութեան եւ հոգեվերլուծութեան, Ժա­նին Ալ­թունեան կը վկա­յէ իր եզակի վերլուծ(ու)ողիփորձառութեան մա­սին, որ ինքզինք նուիրած է մէկ կողմէ՝ ջնջումի հոգեխոցէն վերապրողները թարգմանելու, միւս կողմէ՝ Ժան Լափ­լան­շի ղե­կա­վա­րութեամբ Ֆրէօյտի Ամբողջական գործերը թարգ­մանելու աշ­խա­­տանքին։Նպատակ ունենալով թարգմանել մշակոյթի մը եւ այդ մշա­կոյթը կրող վայրերու ջնջումին հետ­քերը, որպէսզիար­ձա­նագրուի անոնց անհեացու­մը, հեղի­նակը այդ թարգմա­նա­կան աշ­խա­­տանքին պայմանները կըզարգացնէ երեք տարբեր ուղղու­թիւն­ներով.- Ան­հրաժեշտ է որ ջնջումի փորձառութիւն մը թարգ­մա­ն­ուի այլոցլեզուին մէջ, որ­պէսզի արձանա­գրուի աշխարհի երե­սին։ - Թարգմանական այդ աշ­խատանքով է, որհաւաքական ոճի­րի մը ժառանգորդները կրնան իրենց պատ­մու­թիւնը ենթակա­յա­ց­նել եւ փո­խանցել։ - Թարգմանական այդ աշխատանքը մէկէ աւելի սե­րունդ­ներ կը պահանջէ, մինչեւ որ “ասպնջական երկրին” լե­զուով “թարգ­ման­ուա­ծը” արձանա­գրուի նոյն այդ երկրին մշա­կոյ­թին եւ քաղաքական ընդհանուր դաշ­տին մէջ։

Ի հարկէ՝ սկիզբէն (այսինքն՝ 1984էն) ի վեր Ժանին Ալթունեան մաս կազմած է ֆրան­սերէն լեզուովՖրէօյտի Ամբողջական գոր­ծերու թարգ­մանութիւնը պատրաս­տող խմբակին։ Խմբակին գի­տականղե­կա­վա­­րութիւնը ստանձնած էր Ժան Լափլանշ (Jean Laplanche, 1924-2012)։ Այդ ձեռնարկութիւնըայսօր իր աւար­տին հասած է, ու 20 հա­տո­րով ունինք Ֆրէօյտի գոր­ծե­րուն լման ֆրանսերէն թարգ­մա­նու­թիւնը։ Յա­ւե­­լեալ հատոր մը (ուրեմն 21րդը, լոյս տեսած 2019ին) կը հրամցնէ գործածուածբա­ռա­պա­շարին ընդհանուր ցանկը։ Ժանին Ալ­թունեան, գեր­մա­նագէտ, խմբակին «կեն­դանիյիշողութիւն»ն էր, ինքն էր որ տա­րիներու ընթացքին տարբեր տեքստերու եւ թարգմա­նու­թիւն­նե­րուբա­ռապաշարին միաս­նու­թիւնը եւ ներդաշ­նակու­թիւ­նը ապա­­հո­վե­լու գործին պա­տասխանատուննշանակուած էր։ Ըն­թաց­քին՝ կարե­ւոր գիրք մըն ալ գրած է Ֆրէօյտի թարգ­մա­­նու­թեան յարուցածդժուա­րու­թիւններուն մասին։ Գիր­քը կը կոչ­ուի  L'Écriture de Freud. Traver­sée trau­ma­tique et traduction (վեր­նա­գիր մը զոր անգամ մը եւս՝ դժուա­րութիւն ունինք ճշգրտօրէն հայերէն թարգմա­նելու, ըսենք՝«Ֆրէօյտի գրուած­քը։ Հոգե­խո­ցէն անցում եւ թարգմանութիւն»), PUF, 2003։

Ծնած ըլլալով Փարիզ, քսանական թուականներուն Ֆրանսա գաղթած ծնողքէ, որոնք 1915իցեղասպանական մոլուցքէն ճո­ղո­պրած էին, մայրս՝ չորս տա­րեկան, հայրս՝ տասնչորս տա­րե­կան, «բախտս» այն եղաւ որ կրցայ որոշ չափով ծնող­նե­րուս հոգե­խոցական անցեալը վե­րաշխատիլ1, շնորհիւհոգե­վեր­լու­ծու­թեան եւ գրառու­թեան զոյգ աշ­խա­տանքին, որուն ի դէպ՝ պա­տրաստած էր զիս Հանրա­պետութեան Վար­ժարանը, «արկա­ծեալ­ներուն փոխանորդ մայր»ը։

Այս օրերուս, երբ «գաղթականական ճգնաժամ»ը ծան­րօ­րէն կը ներ­գործէ եւրո­պական երկիրներուքաղաքական կեան­քին վրայ, բոլոր գրութիւններս կը յիշե­ցնեն որ «գաղ­թա­կան» կոչուածներուն, այս­ինքն՝աշխարհագրական ու մշա­կու­թային տա­րատնկումի դատա­պար­տուած այդ մարդկային էակ­նե­րուն մօտ, որոնք քաղա­քա­կան ու տնտե­սական բռնու­թիւն­նե­րու ենթարկուած՝ արմատախիլ վերա­պրող­ներ են, հո­գե­խոցի մշակումը ամբողջութեամբ կախեալ է շրջա­պատող պայման­նե­րէն, ուր­եմն «հիւր­ընկալող երկրին» հասարակա­կան ու մշա­կու­թային հաստատութիւններու «բաւա­րար չափով» ասպն­ջական վերաբերումէն։Ու «բաւարար չափով» բառերն ալ կը գոր­ծա­ծեմ Վինիքոթի «բաւարար չափով հոգատար մօր» հետ համա­նմանու­թեամբ, այս­ինքն՝ այն մօր հետ որ նորածինին կը հրամ­ցնէ անցումային տարածք մը, որպէսզիկարե­նայ ան ինքզինքը տեսնել ու գոյանալ անոր մէջ։