թիւ 7 · 2020

Արուեստի վերջաւորութիւնը

Արթիւր Տանթոյ

Արթիւր Քոլըման Տանթոյի հոս հայերէն թարգմանութեամբ հրամ­ցուած էջերը լոյս տեսած են History and Theory (Studies in the Philosophy of History) հանդէսին մէջ, հատոր 37, թիւ 4, Դեկ­տեմբեր 1998։ Հատորին վերնագիրն էր՝ «Danto and His Cri­tics: Art History, His­toriography and After the End of Art» (Տան­թոյ եւ իր քննադատները. արուեստի պատ­մու­թիւն, պատ­մա­­գրութիւն եւ Արուեստի վերջաւորութենէն ետք), խմբա­գիր՝ Դէյ­ւիթ Քարիըր։ Նե­րա­ծական տողերուն վերջաւորութեան՝Տան­­­թոյ պարբերու­թիւն մը եւս աւելցուցած է (զոր չենք թարգ­մա­­նած հոս), ուր իր «քննադատներ»ուն հետ հանդիպումըկը նկա­րա­գրէ, նախ Գեր­մա­նիոյ Պիլըֆելտ քաղաքը կայացած գի­տա­ժողովի մը ծիրէն ներս ու այդ առիթով շնոր­հա­կա­լու­թիւնը կը յայտնէ զինքը հրա­ւի­րողներուն՝ Karl­heinz Lüdeking եւ Oli­ver Scholz փրո­ֆե­սոր­նե­րուն։ History and Theory-իհամարին մէջ հաւա­քուած են ուրեմն այդ գիտա­ժո­ղո­վին զե­կոյց­ները եւ Տանթոյի պա­տասխանը։ Քանի որ իր խօսքինմէջ՝ Տանթոյ մէկ առ մէկ յա­կանէ յանուանէ կը յղէ այդ քննադատներուն, առանց սա­կայն մէջ­բերելու անոնց ըսած­ները, կ՚ու­զենք հոս հան­դէսի համարին մէջ հաւաքուած զեկոյց­նե­րուն եւ յօ­դուած­նե­րուն ցան­­կը տալ, անուն­նե­րըպահելով լա­տի­նատառ, որպէս­զի ըն­թերցողը յետոյ կարենայ հաս­կնալ, թէ որո՛ւ կ՚ուղղուին եւ ինչի՛ կը հակազդենՏանթոյին պատաս­խան­ները։

David Carrier, Introduction: Danto and His Critics: Art History, Historiography and After the End of Art
Noël Carroll, The End of Art?
Michael Kelly, Essentialism and Historicism in Danto's Philo­so­phy of Art
F.R. Ankersmit, Danto on Representation, Identity, and In­dis­cer­nibles
Brigitte Hilmer, Being Hegelian after Danto
Robert Kudielka, According to What: Art and the Philosophy of the "End of Art"
Martin R. Sell, Art as Appearance: Two Comments on Arthur C. Danto's After the End of Art
Jakob Steinbrenner, The Unimaginable

Սոյն փորձագրութիւնը արուեստի վերջաւորութեան վերա­բե­րող տեսութեանս դէմ քննա­դատու­թիւն­­նե­­րուն ի պատասխան՝ փիլի­սոփայական պաշտապանութիւն մը կ՚առա­ջար­կէ։ Պաշտպանութիւնս խնդրոյառարկայ կը դարձնէ յաջորդաբար արուեստի սահ­մանումը, գեղարուեստական որակի յղացքը,գեղագիտութեան դերը, իմաս­տասիրութեան եւ արուես­տի յարաբերութիւնը, «Ասի­կա ար­ուե՞ստ է» հարցումինպատասխանելու կերպը, «Նկար­չու­թեան մահուան» եւ «արուեստի վերջաւորութեան» միջեւ տարբերութիւնը,պատ­մական երե­ւակայութիւնը եւ ապագան, ան­զատորոշելի հակատիպեր գործա­ծող մե­թոտը, ինչպիսին էՈւորհոլի Brillo Boxը եւ Brilloի տուփերը որոնց կը նմանի ան, նմանակութեան տրա­մա­բանու­թիւ­նը – Հեկելի ար­ուեստի վերջաւորութեան տեսու­թեան եւ իմ առաջար­կա­ծիս միջեւ տարբերու­թիւնը։ Այս պաշտ­պա­նողականփոր­ձա­գրութիւնը կ՚ընդար­ձա­կէ եւ կ՚ամրապնդէ After the End of Art: Con­temporary Art and the Pale of His­tory (Արուեստի վերջաւորութենէն ետք. ժամանակակից արուեստ եւ պատ­մու­թեան շրջափակը, 1997) գիրքիս մէջարուեստի վերջաւորութեան մասին առաջադրուած դրոյթը։