թիւ 7 · 2020

Արեւելաբանութիւն

Եդուարդ Սայիտ

Պէյրութ այցելութեան մը ընթացքին 1975-1976ի քաղաքացի­ական պատե­րազմի սարսափելի օրերուն, ֆրանսացի լրագրող մը քաղա­քա­կեդրոնի աւերումին ի տես կ՚աւաղէր ըսելով որ ան «ժամանակինպատկաներ էր կարծես Շաթոպրիանի ու Ներ­վա­լի Արեւելքին»։ Ինչ կը վերաբերի տեղին՝ ճիշդ էր անշուշտ, առնուազն Եւ­րոպացիի իր դիտանկիւնէն։  Արե­ւելքը գրեթէ եւ­րոպական հնարանք մըն էր եւ հին դարերէնսկսեալ հանդի­սա­ցած էր վայրը սիրային արկածախն­դրու­թեան, տարաշ­խար­հիկ արարածներու, հալածողյիշողութիւններու ու բնանկարներու, զարմա­նա­հրաշ փորձառութիւններու։ Հիմա ան կոր­սուելու վրայ էր. ձեւովմը՝ անցած էր ար­դէն, ժամանակը վերջացած։ Գուցէ անտեղի թուար իրողութիւնը թէ ասոր մէջ արե­ւելք­ցի­ներն էին կորսնցնելիք բան մը ունեցողները, թէ նոյնիսկ Շա­թոպրիանի ու Ներ­վալի օրերուն անոնք ապրածէին այդտեղ ու հիմա իրենք էին տառա­պողները. եւրոպացի այցելուին համար հիմնականը Արեւելքի եւրո­պական պատկերացումն էր եւ անոր ժամանակակից ճակատագիրը, որոնք երկուքն ալ  առանձնա­շնոր­հեալնշա­նակութիւն ունէին լրա­գրողին ու անոր ֆրան­սա­ցի ընթերցողներուն աչքին։