թիւ 7 · 2020
Ռոլան Պարթ եւ այլք
1986ի Փետրուարին Գալիֆորնիոյ UCLA համալսարանի Գրիգոր Նարեկացի անուան ամպիոնին ծիրէն ներսկարդացած վեց դասախօսութիւններէս առաջինն է, որ կը ներկայացուի հոս։ Տասնհինգ օրուան վրայ երկարողսեմինարի մը ընթացքին՝ յաջորդական նիւթերը եղած էին՝ 1. Ռոլան Պարթ եւ արդի քննադատութիւնը, 2. ՇահանՇահնուր, կամ՝ Օտարին անունը, 3. Զարեհ Որբունի, Եւ եղեւ մարդ, 4. Զարեհ Որբունի, գրութեան ծնունդը, 5. Սփիւռքի բանաստեղծութիւնը, Գրիգոր Պըլտեանի օրինակով, 6. Յակոբ Օշական, մօտենալ Աղէտին։ Դասախօսական ձեւով ներկայացուած այդ նիւթերուն առաջինն է ուրեմն որ կը հրամցուի հոս, այսքան տարի ետք, որպէս պատմական փաստ։ Մեքենագիր տարբերակը թուական մը կը կրէ թուղթերուս մէջ՝ Ապրիլ 1987։ Այստեղէնսկսեալ՝ պիտի պահեմ սոյն տարբերակը ինչպէս որ շարադրուած էր այդ թուականին։ Պատմական փաստ ըլլալէանդին՝ չէ կորսնցուցած անշուշտ իր այժմէականութիւնը։ Աւելցուած են միայն քանի մը էջատակի ծանօթագրութիւններ, նոր մեքենագրութեան առիթով։
Սեմինարին ծրագիրն էր՝ Սփիւռքի քանի մը հայ գրագէտներու գործերուն վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետել, ու քննադատական կարելի մօտեցումներու մասին համադրական պատկեր մը տալ։ Բացայայտ է, որ ծրագրին երկրորդ մասը ինքնին՝ հսկայական աշխատանք մը պիտի պահանջէր, եթէ կատարուելու ըլլար բոլոր հոսանքները պարփակելու միտումով։ Համակարգային մօտեցում չառաջարկեցի հետեւաբար։ Ուզեցի սահմանափակ թիւով անուններու ընդմէջէն՝ քննադատական մեթոտներուն եւ հայեացքներուն անդրադառնալ։ Ռոլան Պարթը ընտրեցի սկիզբը իբրեւ ուղեցոյց, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ իրմով սկսած էր հրապարակային դառնալ քննադատութեան մարզին մէջ որոշ յեղաշրջում մը։ Այս անունին ընտրութիւնը կապուած է ուրեմն մասամբ՝ պատմական իրադարձութիւններուն, եւ մասամբ ալ՝ ընտրութիւն մը կատարելու ստիպողութեան։ Ռոլան Պարթ լաւագոյնս գիտէր զգալ ու «որսալ» իր ժամանակաշրջանի իմացական նորութիւնները։ Փորձած է նաեւ այդ նորութիւններուն անձնական շեշտ մը ընծայել։ Ասոնք էին ընտրութեանս դրդապատճառները։
Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ նաեւ որ ծայրէ ծայր՝ ֆրանսերէն texte բառին համար շարադրանքին մէջպահեցի «գրուածք», ինչ որ յոյժ անսովոր է, ու բացատրութեան կը կարօտի անկասկած։ «Un texte» իմ լեզուովս՝կրնայ թարգմանուիլ «գրութիւն մը», եւ այդ պատճառով իսկ երկար ատեն, հոն ուր պէտք էր, կը գործածէինք«գրութենական» բառը, ըսելու համար textuel։ Երկդիմութիւն մը կայ այդ որոշումին մէջ սակայն, որովհետեւ textuel կը վերաբերի աւելի ընդհանուր գրուածքի գաղափարին քան թէ առանձին առարկային։ Առարկան կրնայ ըլլալորեւէ գրուած կտոր մը։ Բայց texte-ի պարագան տարբեր է, երբ ան գործածուած է որպէս վերացական գոյացութիւն։ Ֆրանսայի մէջ եօթանասունական թուականներուն՝ փիլիսոփաներն ու գրականագէտները մէկը միւսէնշահագրգռական աշխատասիրութիւններ կը նուիրէին texte կոչուող այդ վերացական գոյացութեան։ 1970ինտպուած Ռոլան Պարթի S/Z գիրքը (որուն վրայ հիմնուած էին 1986ի իմ մտորումներս) պատմական այդ պահին մէջկ՚արձանագրուի։ Յիսուն տարի առաջ էր։ Այդ տարիներուն էր, որ Ժակ Տերիտան մէկ յօդուածէն միւսը՝ «գրութենականութեան» շուրջ կը մտորէր (եւ այդ բառն էր, որ կը գործածէինք հայերէն լեզուով թարգմանելու համար textualité-ն, երբ պէտքը զգացուէր, ու այսօր կը վարանիմ, քանի որ texte-ին համար կը պահեմ «գրուածք» բառը, ցնորտնօրինութիւն)։ Քիչ ժամանակ անց, «գրութենականութեան» տեսաբանութիւնը հանրութեան ներկայացուց Տերիտան, իր La Dissémination գիրքով (թարգմանենք՝ «Իմաստասփռումը»), ու նոյն տարիներուն է, որ իմ փիլիսոփայութեան ուսուցիչներս (Ժան-Լիւք Նանսի եւ Ֆիլիփ Լաքու-Լապարթ) «Groupe de Recherches sur les théories du signe et du texte» («Գրուածքի եւ նշանի տեսաբանութիւններուն մասին հետազօտական խմբակ») անունով սեմինար մը կըվարէին, որուն մասանակցած եմ տարիներով, եւ որուն շրջածիրին մէջ բազմիցս խօսք առած եմ։ Այս մթնոլորտինմէջն է, որ Ռոլան Պարթ հրատարակեց իր S/Z-ը, գրական քննադատութեան մարզէն մեկնելով, ու տեղ մը հանդիպելով ուրեմն texte-ի վերացական գոյացութեան, գիրքին սկիզբը դրուած պարբերութիւններով՝ ուղղակի եւ բացայայտօրէն ներշնչուելով նաեւ Տերիտայէն, մասնաւորաբար հոն ուր կը բացատրէ թէ (նախ ֆրանսերէն ըսեմ, յարասելով իր ըսածը) il n'y a pas de hors-texte, «գրուածք» կոչուածը չունի իրմէ «դուրս» մը, չունի արտաքնութիւն, եւանմիջապէս կը սրբագրէ այդ փիլիսոփայական նախադասութիւնը երկրորդ բանաձեւումով մը, նոյնքան խորհրդաւոր առաջին ակնարկով, նոյնքան դժուար ըմբռնելի (եթէ պահենք texte-ի սովորական իմաստը որպէսգրուածք ու գրութիւն). il n'y a pas de tout du texte, գրուածքը որպէս վերացական գոյացութիւն՝ «ամբողջ» մը չէ ու չիկրնար ըլլալ։ Այդ բանաձեւումները քիչ անդին պիտի կարդանք Ռոլան Պարթի S/Z-ի սկզբնական պարբերութիւններուն հոս հրամցուած թարգմանութեան երկայնքին, ու ետքը պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս 1986ին կըփորձէի մտածողական շրջածիր մը ստեղծել, զանոնք հասկնալու համար, ետքն ալ՝ անոնց շուրջ հիւսուած քննադատական մօտեցումին նրբութիւնները զարգացնելու համար։
Ֆրանսայի մէջ ինչ որ «արդիական քննադատութիւն» կոչուեցաւ՝ միատարր ու միամակարդակ դիմագիծչստացաւ երբեք։ Հին ու նոր սերունդներուն միջեւ սուր պայքարի մը հանգամանքը յայտնուեցաւվաթսունական թուականներու սկիզբը, երբ Ռոլան Պարթ սկսաւ հրապարակային դէմք դառնալ։ Պարթըիւրայատուկ մեթոտ մը չէր առաջարկեր։ Գրական գործերուն կը մօտենար որոշ պաշարով մը՝ մարքսիստական, հոգեվերլուծական եւ լեզուաբանական։ Ու վերլուծական արարքին մէջ կը փորձէր մտցնել տեսակ մըխստապահանջութիւն, ըմբոստանալով մէկ կողմէ՝ զուտ կենսագրական մօտեցումներուն դէմ, որոնքլայնօրէն տարածուած էին համալսարանական աշխատասիրութիւններուն մէջ, եւ միւս կողմէ՝ տպաւորապաշտ քննադատութիւն եւ արժան հոգեբանութիւն կիրարկող վերլուծողներուն դէմ։ Ուրիշ կէտ մըն ալկայ, յատկանշելու համար իր սկզբնական կեցուածքը. գրական առարկային իւրայատկութեան վրայ դրուածշեշտը, այդ իւրայատկութիւնը յարգելու պահանջն ու անհրաժեշտութիւնը։ Մէյ մը որ այս երեք կէտերըընդունուէին, ու շուտով ընդունուեցան, ամէն ինչ կարելի էր, պարտադրանք չկար։