Թարգմանիչէն ակնկալուածը
Վալթեր Բենիամինի «Die Aufgabe des Übersetzers» վերնագրուած այս էջերը լոյս տեսած են 1923ին, որպէս յառաջան ֆրնսացի բանաստեղծ՝ Շարլ Պոտլէռի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը պարունակող հատորին համար։ Կը կարդանք զայն այսօր Բենիամինի Ամբողջկան գործերուն մէջ, Walter Benjamin, Gesammelte Schriften, Band IV-1, էջ 7-21, Suhrkamp Verlag, Ֆրանքուրթ, 1980։ Սոյն թարգմանութեան առաջին յեղումը լոյս տեսած էր ԿԱՄ հանդէսին մէջ, թիւ 1, 1980։ Ինչ որ կը հրամցնենք այստեղ՝ այդ առաջին տարբերակին վերանայուած ու բարեփոխուած տարբերակն է։ Տեղ տեղ, փակագիծի մէջ նշուած են գերմաներէն բառեր որոնց թարգմանութիւնը բացատրութեան կը կարօտէր։ Բացատրութիւնները տրուած են վերջաւորութեան զետեղուած խմբագրական ծանօթագրութիւններով։