Ի՞նչ կը նշանակէ մտածել

Մարթին Հայդեգեր

Martin Heidegger, What heißt Denken? գիրքը կ՚ամփոփէ 1951-1952ին խօսուած երկու շարք դասախօսութիւններ, ամէն մէկ դասախօսութիւն՝ մէկ ժամ տեւողութեամբ։ Հոս հրամցուածը առաջին շարքին թարգմանութիւնն է ﬕայն։ Մէկ նիստէն ﬕւսը անցումը դիւրացնելու համար՝ Հայդեգեր նախորդ ժամուան խօսուածը ամփոփ կերպով վերարտադրող ﬕջանկեալ բաժիններ գրած է, որոնք գիրքին մէջ տպուած են առանձին, առաջին բաժնի եւ երկրորդ բաժնի վերջաւորութեան։ Այդ ամփոփումները չեն թարգմանուած հոս։ Մեր հրամցուցածը թարգմանութեան փորձ մըն է իրականութեան մէջ, ո՛չ աւելին։ Թարգմանական խնդիրներ յարուցանող պահերը նշուած են գերմաներէն բառերու նշումով տեքստին մէջ։ Թարգմանութիւնը կ՚ուզէ ծառայել պարզաբանական (սեﬕնարային) աշխատանքի մը, որպէս ատաղձ։ Ուրիշ յաւակնութիւն չունի։ Միջանկեալ ամփոփուﬓերը եւ երկրորդ բաժինը պիտի հրամցուին ուրիշ առիթով։

📖 կարդալ