Արտակարգ իրավիճակ

Ջորջօ Ագամբէն

որջօ Ագամբէնի Stato di eccezione գիրքը լոյս տեսած է 2003ին (Bollati Boringhieri, Թորինօ)։ Homo sacer – Գեր­իշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը գիրքին բացած ճանապարհին վրայ երկրորդ հանգրուանն էր։ Homo sacer-ի հայերէն թարգմանու­թիւ­նը կայ հրա­պա­րա­կին վրայ (Ինքնագիր գրական ակումբ, Երեւան, 2020)։ Stato di ecce­zione-էն առաջ լոյս տեսած էր Quel che resta di Auschwitz, որուն հայերէն թարգմա­նու­­թիւնն ալ նոյն­պէս հայերէն լեզուով տրամադրելի է, Մնացորդք Աւշուիցի վերնա­գրով (Ակտուալ Արվեստ, 2020)։

Հիմա Homo sacer ընդհանուր վերնագիրով ամբողջ շարք մը կազ­մուած է, որուն մէջ մեր այս Stato di eccezioneվերնագիրով երեւցած գիր­քը կու գայ առաջին հատորէն անմիջապէս ետք, եւ ուրեմն կը կրէ II, 1 թիւը։ Հոս մեր հրամ­ցուցածը այդ գիրքին չորրորդ գլուխն է։ Վերջաւորութեան դրուած է խմբա­գրական ծա­նօթագրութիւն մը, եւ ցանկը այն հատորներուն՝ որոնց կը յղէ հեղինակը իր շարա­դրան­քին մէջ։

Թարգմանիչն է՝ Մինաս Լուռեան, իսկ խմբագիրի դերին մէջ՝ Մարկ Նշանեան]

📖 կարդալ