Փիլիսոփայութեան վերջը եւ մտածողութեան գրաւականը
Այս դասախօսութիւնը խօսուած է 1964ին, Փարիզի մէջ Իւնեսքոյի կողմէ կազմակերպւած գիտաժողովի մը ծիրէն ներս։ Լոյս տեսած է նախ Jean Baufret-ի եւ François Fédier-ի ֆրանսերէն թարգման>թեամբ, գիտաժողովին զեկոյցները հաւաքող հատորին մէջ՝ Kierkegaard vivant (Gallimard, 1966)։ Գերմաներէն բնագիրը լոյս տեսած է ատկէ ետք, հատորի մը մէջ որուն վերնագիրն է՝ Zur Sache des Denkens (Max Niemeyer Verlag, 1969), էջ 61-80։ Այդ հրատարակութեան կը հետեւինք սոյն թարգմանութեան համար։ Ամբողջական գործերուն մէջ (Gesamtausgabe), նոյն բովանդակութեամբ ունինք 14րդ հատորը (2007, Vittorio Klostermann)։ Գերմաներէն վերնագիրն է՝ «Das Ende der Philosophie und die Aufgabe des Denkens».