Ի՞նչ կը նշանակէ մտածել - Մաս առաջին
[Martin Heidegger, What heißt Denken? գիրքը կ՚ամփոփէ 1951-1952ին խօսուած երկու շարք դասախօսութիւններ։ Հոս հրամցուածը առաջին շարքին թարգմանութիւնն է միայն։ Մէկ նիստէն միւսը անցումը դիւրացնելու համար՝ Հայդեգեր նախորդ ժամուան խօսածը ամփոփ կերպով վերարտադրող միջանկեալ բաժիններ գրած է, որոնք գիրքին մէջ տպուած են առանձին, առաջին բաժնի եւ երկրորդ բաժնի վեր- ջաւորութեան։ Այդ ամփոփումներէն միայն առաջինը թարգմանուած է հոս։ Մնա- ցեալը պիտի հրամցուի երբ լման գիրքը թարգմանաբար ներկայացնելու առիթը ներկայանայ։
Մեր հրամցուցածը թարգմանութեան փորձ մըն է իրականութեան մէջ, ո՛չ աւելին։ Թարգմանական խնդիրներ յարուցանող պահերը նշուած են գերմաներէն բառերու նշումով տեքստին մէջ, ու համապատասխան ծանօթագրութիւններով։
Թարգմանութիւնը կ՚ուզէ ծառայել պարզաբանական (սեմինարային) աշխատանքի մը, որպէս ատաղձ։ Ուրիշ յաւակնութիւն չունի։]