Ի՞նչ կը նշանակէ մտածել - Մաս երկրորդ
Ի՞նչ կը նշանակէ մտածել։ Հարցումը կարծես թէ անորոշութիւն չի վերցներ։ Միանշանակ է երեւոյթով։ Եւ սակայն կը բաւէ քիչ մը մտորaել, անդրադառնալու համար որ հարցումը բազմանշանակ է։ Հարցումին այդ բազմանշանակ բնոյթին դէմ յանդիման՝ ի դերեւ կ՚ելլէ որեւէ փորձ կտրուկ պատասխանի մը յանգելու առանց յաւելեալ նախապատրաստութեան։