ԿԱՄ

5 յօդուած

Իբրեւ յառաջաբան

Հանդէս մը որ կը ներկայանայ հրապարկին վրայ ստիպուած չէ գիտակցութիւնն ունենալու իր ծնունդի վայրկեանէն իսկ՝ իր սերումին ու ծննդաբանութեան մասնայատկութիւններուն։ Երախտային նման՝ տարիներու ընթացքին է որ պիտի ծնի ան իրապէս իր պատմութեան, վերակազմելով ու վերաստեղծելով զայն, անդրադառնալով տակաւ այն պահանջին...

Իբրեւ յառաջաբան

ԿԱՄի ներկայ թիւը շարունակութիւնն է առաջինին։ ԿԱՄը գիտակցութիւնն ունէր դար մը գրականութեան վախճանը արձանագրելու, ու գալիքի սեմին կանգնելու, կոյր արձանի մը նման։ Յաւակնութիւնն ունէր իր մէջ հաւաքելու բոլոր հոսանքները, որոնք կը զուգամիտէին դէպի ծնունդին մէջ ծածկուածը, եւ այդ ձեւով՝ դէպի գալիքին սեմը։

Փոխան յառաջաբանի

15 Երկար տարիներ անցան ու ԿԱՄը չերեւցաւ հրապարակին վրայ։ Աշխարհը փոխուեցաւ, Սովետական Միութիւնը իր անմարդկային մահկանացուն կնքեց, պատերազմներ արիւնոտեցին աշխարհը, Հայաստանը անկախացաւ ու վերածուեցաւ գիշատիչներու ազատ ասպարէզի, Սփիւռքը իր դիմագիծը փոխեց խոր ու հաւանաբար անվերադարձ կերպով։

Փոխան յառաջաբանի

Ներկայ համարը քիչ մը կը տարբերի նախորդներէն այն չափոխ որ հոս ամբողջ բաժին մը նուիրուած է մէկ ու միակ բնանիւթի մը, ինչ որ երբեք չէր պատահած նախորդ թիւերուն մէջ։ Այդ բնանիւթն է հարցումի ձեւով՝ «Արուեստի վերջաւորութի՞ւն, թէ վերջաւորութեան արուե՛ստ»։

Փոխան յառաջաբանի

Ահաւասիկ ուրեմն ԿԱՄի 7 համարը։ ԿԱՄ , հանդէս վեր ­ լուծա ­ կան անունով պար ­ բերական հրատարակութիւնը ընդ ­ ամէ ­ նը վեց համար ունեցած էր (1980 էն մին ­ չեւ 2005, Փարիզ , Պէյ ­ րութ , Պոսթըն , Լոս Ան ­ ճելըս ) ։ Տասնհինգ տարի անցած է վեր ­ ջին հա ­ մարի լոյս ընծ...