Մարկ Նշանեան

15 յօդուած

Քննական հրատարակութիւն

Նախ խօսքը տանք հատորի խմբագիրներուն, զայն ներկայացնելու համար հակիրճ բնութագրումով. «Երեւի թէ հասել է մեծանուն արձակագրի, թատերագրի, քննադատի ամբողջական քննական բնագիրը պատրաստելու եւ երեւան հանելու ժամանակը։ ... Բազմահատոր երկերի առաջին հատորն ընդգրկում է հեղինակի փոքր ծաւալի ստեղծագործութիւն...

Յետխորհրդայինը որպէս յետգաղութային

Բացառիկ գիրք մըն է Հրաչ Բայադեանի այս գիրքը, իր նիւթով, իր ծրագիրով, իր բազմակողմանի հանգամանքներով, իր պարզած գիտութեամբ (եւ գիտակցութեամբ), իր նորութեամբ նաեւ, եւ էջերուն ու մտածումին ետին գտնուող՝ վերջին քսան տարիներուն վրայ երկարող պատկառելի ջանասիրութեան եւ հետեւողականութեան արդիւնքներով։ Եւ ան...

Բարոյագիտութիւն եւ պարկեշտութիւն

2018ին լոյս տեսած էր նոյն վերնագիրով այս գիրքը։ Երեք տարին բաւական եղած է ուրեմն որպէսզի արժանանայ երկրորդ հրատարակութեան մը։ Բացառիկ երեւոյթ։ Գիրքին սկիզբը զետեղուած է առաջին հրատարակութեան առիթով գրուած Սէյրան Զաքարեանի (Երեւանի պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան պատմութեան, տեսութեան եւ տրամաբան...

Ընթերցումի համագրայնութիւնը

Հոս ներկայացուածը Սերգէյ Ստեփանեանի Ժամանակի երկու ընթերցում, ΥΒΡΙΣ եւ ΜΝΕΜΟΣΥΝΗ գիրքին մասին գրախօսական ակնարկ մըն է։ Փիլիսոփայական աշխատասիրութիւն մը կը հրամցնէ այս հատորը, ի հարկէ՝ դժուար ընթեռնելի, որուն հերոսը (որովհետեւ ...

Սիրելի Ժ.

Նպատակը հանդիսավայր մը եւ հանդիպավայր մը ըլլալ էր։ Հանդիպում սփիւռքեան եզակիութեան մէջ։ Իրողութիւնը այն է որ այդ եզակիութիւնը երեւան կու գայ արեւմտեան Սփիւռքի մէջ։ Կը թուի թէ բո՛ւն յեղափոխիչ կեցուածքը կը սկսի հոն, ուր արեւմտեան Սփիւռքը կարող է ներկայէն դուրս ձգտող նպատակադրուած կամեցողութիւնները թոթ...

Բանաքաղութիւնք ի ձէնջ

Որ գան դանդաղ, սփռուած իբրեւ հանդեր որ ծածկեն Տարածութիւնն իր ամբողջ: Գրուէր աշխարհն անոնցմով, կանոնաւոր, վանկ առ վանկ, Կանոնազանց արբանեակ: Վերադարձը պժգալի կը սպասէ, լպիրծ վայրէջքովն Իր, անցքով կեդրոնազուրկ: Ես նոյն տեղը տարածուն, լայնաբաց հորիզոնի Ձգումին անուշադիր:

Գրական կանգնումը

Երկու հանդէսներով շրջագծուած պահուն կարեւորութիւնը չի սպառիր գրականութեան պատմութեան կամ գրականագիտութեան մարզերուն պատկանող սովորական միջոցներով: Չի վերաբերիր անոնց տրամադրութեան տակ գտնուող պատճառներուն: Առ այժմ՝ ըսենք, որ գրական սերունդ մը ինքզինքին գիւտը կը կատարէ իբր սերունդ, կը հաւաքուի, կը հա...

Բանագողութիւն

Սէյրան Գրիգորեանի «Պարոյր Սեւակ. Արձագանգող անտառը» հաստորը Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն գրականագիտութիւն կոչուած մարզին մէջ լոյս տեսած ամենէն հետաքրքրական եւ թերեւս ալ՝ ամենափայլուն աշխատասիրութիւններէն մէկն է։

Տարեգիրք մը

Սփիւռքի մէջ գրական նոր հանդէսի մը ծնունդն է, որուն հրաւիրուած ենք անդրադառնալու։ Ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ՝ հանդէսը նուիրուած է յատկապէս բանաստեղծութեան։

Փորձ եւ գրութիւն

Նոր բանաստեղծի մը դէմ յանդիման, միշտ նոյն հարցումը. ինչպէ՞ս խօսիլ բանաստեղծութեան մասին։ Երբ կատարեալ անծանօթ է ան, ուրկէ՞ գտնել շաւիղ մը, որ տանէր դէպի անոր ծագման կէտը։

Պարականոն գրութիւններ

Հայաստանեան արտադրութեան մէջ բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ Արթուր ԱՆդրանիկեան, միակը՝ հոն իր տեսակին մէջ, որովհետեւ չի հետեւիր անոր աւանդութեան։ Չի խաղար ոտանաւորի խաղերը, չ՚օգտագործեր երբեք ժողովրդականն ու ժարգոնայինը։ Կը պատկանի մթասքող բանաստեղծներու հարուստ աւանդութեան մը։

Զուտ փիլիսոփայութիւն

Առաջինը փորձերը հայերէն լեզուով հրամցնելու համաշխարհային փիլիսոփայութեան կեդրոնական դէմքերուն գործերը։

Զրոյց

Կարելի է ըսել՝ ա՛յդ էր մղիչ ուժը։ Ձեւով մը՝ արուեստի ինքնասպանութիւնը։ Երբ յղացքը արուեստի հետ կը նոյնանայ, ի՞նչ կը մնայ ընելիք։ Պիտի մնա՞յ արուեստի պահանջը։ Կարգ մը արդի քննադատներու մօտ կայ այդ հարցադրութիւնը եւ այդ անկիւնադարձին մատնանշումը։

Հսկե՞լ թէ պատժե՛լ

Իմացութեան զարգացումը Ֆուքոյի մտքին մէջ միշտ կապուած է մարմիններու վրայ կատարուող գործողութեան մը եւ երկրորդաբար՝ «հոգիներ»ու, «վարքագիղեր»ու, «պահուածքներ»ու բնականոնացման ընթացքի մը։