Վահէ Օշական

2 յօդուած

Կեանքէն մահ

Բառ բառի ծոց՝ մերկ ու լպիրշ պարմաններ կը սառսռան պաղին մէջ վրան-բաց ֆիլմի հերոսները անզգացում մը պշնին, ի՞նչպէս ըլլալ... ինձմէ ասդին ու անդին՝ լոյսի մորթը կը պրկուի ուր են ուր են բոպիկ նիհար կը վազվզեն կոյս ամօթխած շղարշներով կը ծածկուին  

Մահէն անդին

Ֆիլմը հազիւ աւարտած գիտակցութիւնը չորս պատերէն վար կ'առնեմ կը լուամ կը չորցնեմ կ'արդուկեմ մեծ խնամքով կը ծալլեմ ետ տեղը կը դնեմ. յետոյ գրպաններս կը պարպեմ տանս դուռը կը կղպեմ ու դուրս կ'ելլեմ արուարձանի փողոցները քալելու միապաղաղ պիրկ անշղարշ լռութեան մէջ պատուհաններ կը բացուին, շուար դէմքեր թելով կ...