Թարգմանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն

Առցանց ԿԱՄի այս բաժնին մէջ հաւաքուած են քանի մը գրութիւններ, որոնք նախապատրաստական ընթերցումի դեր պիտի կատարէին (եւ տակաւին կրնան կատարել) Երեւանի մէջ կայանալիք “Թարգմանութեան փիլիսո­փա­յութիւն, եւ փոխադարձաբար” վերնագրով նախատեսուած սեմիանարային հանդիպումներու համար։

Սկիզբը կան Վալթեր Բենիամինի գրիչէն ելած երկու հիմնական աշխատա­սի­րութիւններ՝ «Թարգանիչէն ակնկալուածը» (1923) եւ «Ի նպաստ բրտութեան քննադատութեան» (1921)։ Ասոնք ԿԱՄ հանդէսի առաջին երկու համարներուն մէջ լոյս տեսած մեր անդրանիկ թարգմանութիւններն են (1980 եւ 1982), այս առիթով ամբողջութեամբ վերանայուած եւ բարեփոխուած վիճակով։ Պէտք ունէին ի հարկէ վերանայումի։ Ինչո՞ւ այս երկուքը միասին։ Առաջինը Բենիա­մինի կողմէ գրուած էր որպէս յառաջաբան, Շարլ Պոտլեռի իր թարգ­մա­նու­թիւն­ները մէկտեղող գրքին համար։ Երկրոդը կը ներկայանար որպէս ար­դիական շրջանին կազմուած պետական ինքնիշխա­նու­թեան քննադատութիւն մը։ Եր­կուքին միջեւ՝ ո՛չ մէկ տեսանելի կամուրջ։ Եւ սակայն նոյն արդիական շրջա­նին, պետական ինքնիշխանութեան հետ զու­գահեռաբար՝ տեղի ունեցած է ազ­գային լեզուներուն յատուկ շարժընթաց մը, զոր կրնանք կոչել լեզուներու “ինք­նիշխանացում”ը։ Պատմական շարժընթաց մըն է, որ կը բնորոշէ թարգմա­նու­թեան արդի ըմբռնումը, եւ փոխադարձաբար՝ կը բնորոշուի, կ՚արմատանայ, երեւան կու գայ թարգմանական գործողութեամբ։

Ատկէ ետքը կու գան իտալացի փիլիսոփայ Ջորջօ Ագամբէնի գրիչէն ելած երեք ուսումնասիրութիւններ։ Ագամբէն միակ արդի հեղինակն է, որ փորձած է միա­սին մտածել “նշխարեալ” լեզուի հարցը եւ “վկայութիւն” կոչուածը։ Առաջինը՝ “ի՞նչ է լեզու մը որ կը մնայ” հարցումով։ Երկրորդը՝ “խօսիլ կենդանի լեզու մը ինչ­պէս թէ ըլլար մեռեալ” բանաձեւով (տե՛ս Մնացորդք Աւշուիցի, պարբերու­թիւն 4.11)։ Երկուքին միջեւ կապակցութիւնը անշուշտ թարգմանութիւնը պիտի ըլլար, “նշխարեալ լեզու”ով թարգմանութիւնը, կամ “մեռեալ լեզու”ով թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Այդ կապակցութեան յայտնաբերումի ճամբուն վրայ գտնուող երեք գրու­թիւն­ներ կը հրամցնենք հոս։ 1) «Փասքոլի եւ ձայնին մտածողութիւնը», ուր առա­ջին անգամ ըլլալով՝ նիւթ կըդառնայ մեռեալ լեզուով մը գրելու խնդիրը, 2) «Լեզուն որ կը մնայ», նոյն վերնագիրով լոյս տեսած գիրքին (La lingua che resta) վերջին գլուխը, 3) «Հսկայամարտութիւն դատարկութեան  մը շուրջ» (Մինաս Լուռեանի թարգմանութեամբ), որ Արտակարգ իրավիճակ գիրքին (Stato di eccezione) չորրորդ գլուխն է, ու կը զբաղի Վալթեր Բենիամինի բրտու­թեան քննադատութեամբ, զայն կարդալով Քարլ Շմիթին հետ երկխօսութեան մը ծիրին մէջ, հետեւաբար՝ ինքնիշխանու­թեան խնդիրը ծայրէն քննարկելով։

Յետոյ կու գայ Պորխէսի «Փիէռ ՄենարՏոն Քիշոթի հեղինակ» (Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ), որուն նիւթն է (մեր ընթերցումով) նոյն լեզուին մէջ մնալով “թարգմանել”ու հարցը։

Ու վերջապէս՝ Մարթին Հայտեկերի Was heißt Denken? (Ի՞նչ կը նշանակէ մտա­ծել) գիրքին առաջին բաժինը։ Այդ մէկը անշուշտ շատ տարբեր հիմերու վրայ կը դնէ “մտածել”ու եւ “թարգմանել”ու միջեւ կապակցութեան անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը։

7 նիւթ